Читать онлайн книгу "Թէոդորոս Ռշտունի"

Թէոդորոս Ռշտունի
Ծերենց


«Թեոդորոս Ռշտունի»՝ պատմական վեպ Ծերենցի հեղինակությամբ։ Հրատարակվել է 1881 թվականին։ Այս վեպում արտահայտված են Ծերենցի ըմբռնումները՝ կապված հայ ֆեոդալական իշխանության ներքին հակասությունների եւ պետականության անկման հետ։ Թեման վերցված է 7-րդ դարում Հայաստանում տեղի ունեցած պատմական իրադարձություններից։ Ներկայացնելով Բյուզանդիայի եւ Պարսից պատերազմների թատերաբեմ դարձած Հայաստանի ծանր վիճակը՝ Ծերենցը ժողովրդին կոչ է անում դուրս գալ ընդդեմ բռնակալների։ Ծերենցի քաղաքական երազանքը, հասարակական իդեալները խարսխվում են 18-րդ դարի եվրոպական լուսավորիչների գաղափարների վրա։ Նա երազում էր պետական այնպիսի համակարգ, որտեղ կգործեր հասարակության բոլոր դասերի «բարոյական միասնության»դաշինքը։





Ծերենց

Թէոդորոս Ռշտունի





ԳԼՈՒԽ Ա


Ազնիւ Բարեկամին

ՏՕՔՏՕՌ ՌՈՄԱՆ ՊԱՒԼՈՎԻՉ ՆԱԴԻՐԵԱՆՑԻ

ՆՈՒԻՐԷ ԶԱՅՍ ԵՐԿ

ԾԵՐԵՆՑ

ԳԼՈՒԽ Ա

Փոքրիկ խումբ մը տասը-տասներկու ձիաւորաց, շտապաւ Բագրեւանդայ արեւելեան կողմը` Կ'ոգովիտի հիւսիսը կը դիմէր, ժամանակը երեկոյեանալու մօտ էր, եւ յայտնի կ'երեւար թէ այդ խումբը բաւական հեռուեն կ'ուգար` երբ դիտող աչք մը նկատէր լռութիւնը, որ յոգնածութեան հետեւանք էր, արեւեն այրած կերպարանքները եւ փոշին, որ ամէնուն ըզգեստները կը ծածկէր եւ ձիերուն քրտինքը, որ կը թորէր:

Պատանի մը շքեղ հագուած, գեղեցիկ նժոյգի մը վրայ նստած կը ձիավարէր. իւր կերպարանաց փափկութեան ու գեղեցկութեան հետ տխրութիւն եւ հոգ նկարուած կին երեսին վրայ: Չէր խոսէր, չէր նայէր շուրջը, այլ միայն ճամփան կը շարունակէր: ուր ետեւեն շրշայ պատող խումբը թէ իր սպառազինութենեն, թէ՛ խրոխտ եւ զինուորական կերպեն կը յայտնէր թէ թիկնապահք էին այդ պատանուոյն, որ իշխանազուն մ՚էր:

Աշնան շամանդաղը եւ մուխը միատեղ իջան երկրիս վրայ, երբ մեր խումբին գլխաւորը, որ հիսնամեայ, մեծագլուխ, ցլապարանոց մարդ մ՚էր եւ որ երիտասարդին աջ կողմեն կը ձիավարէր, դարձաւ պատանուոյն եւ հաստ, բայց կամաց ձայնով ըսաւ.

– Ահա Վարդանայ բերդ, լոյսերը կ'երեւանք իշխան, քառորդ մը միայն ճանապարհ ունինք: Կ'երեւի թէ շատ յոգնեցար:

– Յոգնութիւնը հոգ չէ՛, Զաւէն, – պատասխանեց երիտասարդը, – մայրս վախեմ մտատանջութեան մէջ է հիմա:

Դարձեալ լռութիւն յաջորդեց, միայն ձիերու սմբակներու ձայնը կը լսուէր. ձիաւոր մը փոթորկելով գնաց աներեւութացաւ, եւ խումբը փոքրիկ լիճի մը քովեն պտոյտ ընելով եւ ժայռն ի վեր բարձրանալով մեծ դռան մը առջեւ կանգնեցաւ. ձիերը սկսան խխնջել եւ գետինը ծեծէի դռները ճռնչեցին բացուեցան, Վարդանաբերդի գաւիթը ջահերով լուսաւորուեցաւ վայրկենին, պատանին հազիւ թէ իջաւ ձիեն` երիտասարդ սեւազգեստ կին մը տեսնուեցաւ, որ դահլիճին սանդուխին գլուխը կեցուած իրեն կը նայէր: Ի՞նչ կար նորա անբացատրելի նայուածքին մէջ: Այսչափ միայն կարելի է զրուցել, որ զգայուն մօր մը բոլոր սէրը, յոյսը այդ նայուածքին մէջ էր, թէպէտ ամսուան մը հեռաւորութիւն միայն բաժնէր էր այս մայրը զաւկեն: Մայր, որդի իրար դիմեցին, համբոյր, գրկախառնութիւն, «որդեակ», «մայր», «սիրելի», «սիրեցեալ», քանի մը կաթիլ արտասուք զուարթ երեսներու վրայ, եւ ահա այդ քնքուշ երիտասարդ մայրը իր զաւկին ձեռքեն առած` իբրեւ թէ յափշտակելով, մտաւ ներս, անցաւ դահլիճը, տարաւ իր սենեակը, նստաւ եւ նստեցուց քովը, հարցմունքներ իրարու կը յաջորդէին, հազիւ թէ կիսակատար պատասխաններու տեղիք կար. հոն ամէն բանի վրայ կը խօսուէր. ճանապարհին վրայ` թէ վտանգ կա՞ր, թէ Ռշտունեաց Տիկինն ինչպէ՞ս էր, թէ Ոստանին հաւնէ՞ր էր որդին, թէ Վանայ ծովը եւ Վարդանաբերդի լիճը ի՞նչ տարբերութիւն ունէին իրարմէ. վերջապէս յայտնի էր թէ մայր մը կար դորովասիրտ եւ որդի մը, որ իւր մայրը կը պաշտէր: Բայց յանկարծ այս մայրը իբր խոր քունէ արթնացաւ, թողուց զաւկին ձեռքը.

– Սակայն դու, որդեակ Գրիգոր, որ այս ժամուս կը հասնիս, անշուշտ անօթի ես. ձայն չես հանէր, եւ ես` վա՛յ ինձ, որ քեզմով միայն համրացեալ` բոլորովին մոռցայ հարցնել… Աղջկո՜ւնք, – կ'ըսէր նաժիշտներոմէ, – շուտ կերակուր հրամայեցեք…

– Իրաւ, սիրելի մայրիկ, ութ թերեւս աւելի ժամ կայ, որ ոչ հաց եւ ոչ ջուր մտած է բերանս, բայց որ քեզ տեսայ մոռցայ անօթութիւն եւ յոգնածութիւն:

– Ո՜հ, – կ'ըսէր մայրը դարձեալ տեսնելով տղուն փոշին եւ քրտինքը, – շուտ ջուր բերէք, զգեստ բերեք…

Եւ երբ կոնքը աղախին մը գուճս բռնած` ուրիշ մը ջուր կը լցնէր, ինք Տիկին մայրը ձիւնի պէս թեւերը սոթտած փոքրիկ բօթիկ ձեռքերով իր զաւակին գլուխը կը լուանար. ծայրերը ոսկեթել բանուած ղենջակով մը սրբեց մազերը, որդուոյն սիրուն գլուխը իւր ձեռքերուն մէջ` համբոյր մը դրաւ ճակատին, եւ նա մայրենի ձեռքը համբուրեց գգուանօք եւ շնորհակալ սրտիւ:

Երիտասարդը կ'ընթրէր եւ մօր հարցմունքներուն կը պատասխանէր միանգամայն:

– Ռշտունեաց Ոստանը չի բաղդատուի մեր պզտիկ դղեակին եւ լճին հետ, բայց եթէ հոն մեծութիւն, ընդարձակութիւն կը տիրէ, հոս վայելչութիւն մը կայ, որ կը գրաւի, հոն եթէ Սէթայ տիկին ընդարձակ գաւառի մը իշխանուհի կը հրամայէ, կը սաստէ, կը պատժէ, կը փււխէ, միշտ զբաղուած հազիւ թէ կանոնաւոր ժամանակ ունենալով ճաշելու եւ ընթրելու, հոս, Բիւրեղ տիկին լռիկմնջիկ նոյն գործքերն աւելի սահմանափակ գաւառի մը մէջ կը կատարէ եւ մայրաբար:

– Դու, որդեակ, լաւ ըսիր թէ հոն ընդարձակ գաւառ մը կայ կառավարելու, եւ ես կը խոստովանիմ թէ Սէթայի ըրածը կարող չե՛մ ընել: Երբ մենք պզտի եւ տարեկից էինք` նա արդէն իր հասակաւ, իր համարձակութեամբ, գործունէութեամբ, եռանդուն բնաւորութեամբ մեծին եւ փոքրին վրայ տեսակ մը իշխանութիւն կը վարէր իւր հայրենի տան մէջ. առանց Սէթայի խորհուրդ հարցնելու բան մը չէ՛ր կատարուէր տան մէջ, իսկ ես, որ իր փոքր քոյրը կը կարծուէի` կը զարմանայի այդ Ամատունեաց Օրիորդին վրայ, որ շատ անգամ առնացի ծպտեալ եղբայրներուն հետ որսի կ'երթար, ժայռերու, ափափայներու վրայ կը ձիավարէր յանդուգն քան զամեն երիտասարդը, եւ որ զարմանալին է` այսպիսի որսի արշաւանքի մը մէջ Թէոդորոս իրեն հանդիպելով եւ առանց սեռը իմանալու` այդ պատանուոյն հետ սիրով կապուէր էր. ուստի օր մը յանկարծ Ամատունեաց դղեակն երթալով եւ իւր եղբարց հետ տեսութենէ վերջ Սիսակը հարցնելու ելեր էր: Եղբարքը շփոթած էին պատասխանի համար, երբ Սիսակ դարձեալ երեւցեր էր Ռշտունեաց իշխանազունին ծանր եւ լուրջ, եւ ամէն նիւթի վրայ ցոյց տուած էր իր սրամտութիւնը: Թէոդորոս, որ 15 – 16 տարու տղու մը հետ տեսութիւն ընել կը կարծէր` յափշտակուած էր դեռաբոյս հանճարեն, բայց վերջն իմանալով թէ Ամատունեաց Օրիորդն է այդ Սիսակը եւ լաւ գիտնալով իւր հօր` Վահրամ Ռշտունուոյն, խստութիւնը հայրենական աւանդութեանց պահպանութեան մասին, գաղտնի խնդրէր էր Սէթայէ, որ այդ համարձակութիւնքը չափաւոր է, եւ քիչ վերջը ծնողաց հաւանութեամբ ամուսնութիւնը կատարուեցաւ: Ուստի մի՛ զարմանար եւ մի բաղդատէր մեր հակառակ բնաւորութիւնները, ինչպէս քու հայրդ, աստուած լուսաւորէ հոգին, խաղաղասէր, հանդարտ, անկարելի էր բաղդատել Թէոդորոսի բուռն եւ խիստ բնաւորութեան հետ:

– Բայց դարձեալ ուսկի՞ց է, որ Ռշտունեաց ընդարձակ գաւառը եթէ գոհ է իւր Տիկնոջ կառավարութենեն, մեր Կ'ոգովտի գաւառը աւելի գոհ ու երջանիկ է իւր տիրուհուոյն կառավարութենեն:

– Այս նաեւ շատ դիւրին է բացատրէի Սէթայ պարտաւոր է իր Թէոդորոսի պատերազմասէր բնաւորութեան եւ պաշտօնին պիտոյքը հոգալ, զօրք եւ դրամ հասցնել, ո՜յ գիտէ, երբեմն արտաքոյ կարգի յարկեր ձգել երկրին վրայ, երբ մե՛նք` մանաւանդ հօրդ մահուանեն վերջ` կը տեսնես թէ ի՛նչ խնայութեամբ կապրինք… ես կը ճանչեմ Սէթայի բնաւորութիւնը` շատ առատաձեռն է…

– Ո՛չ, մայր իմ, այդ մասին կը սխալիս, Ռշտունեաց Ոստանը` շատ աւելի խնայողութիւն կայ քան թէ հոս. Տիկինը ծեր հազարապետ մը ունի` վերակացու իւր տան` Յուսիկ անուն. մարդ, որ եթէ ագահութիւն բառը չլինէր աշխարհքիս վրայ, կարծող էր ստեղծել. ամէն ոք կը գանգտի նորա դէմ, Տիկինն ինք առաջին, բայց ի՛նչ օգուտ, նա իր ընելիքը կը շարունակէ անխռով:

– Սէթայ ինչպէ՞ս կը համբերէ այդ մարդուն, իշխանը ուրեմն

– Ո՛չ, Սէթայ ինքն այդ մարդը պաշտօնի կարգեր է, եւ թէպէտ ամէն օր հետը կը վիճէ, բայց միշտ կը պահէ, եւ կը զրուցէ նաեւ թէ իր ամենահարկաւոր մարդը Յուսիկն է:

– Կ'երեւայ թէ Սէթայ ինքզինքը կը դաստիարակէ, – ըսաւ Բիւրեղ ծիծաղելով: – Բայց դու ինչպէ՞ս ժամանակդ կ'անցնէիր, Վարդ ինչպէ՞ս տեսար, ես փոքր տղայ զինք ճանչցած եմ:

– Շատ լաւ կորովի պատանի մ՚է, իւր մեծ զուարճութիւնը որսն է, երբեմն իրեն կ'ընկերանայի:

– Ըսել կ'ուզես թէ ակամայ:

– Բնական է, մայրիկ, ես միտքս չե՛մ դրած թէ մարդս միայն լեռները չափելու հայքար է ստեղծ եալ, մարդ ունի նաեւ աննիւթական մաս մը` նիւթականին հետ այն ալ պէտք է յագեցնել:

– Հիմա որ ընթրեցիր, ժամ է երթաս հանգչիս:

– Բայց, մայրիկ, քոյրերս երկուքն էլ քնացա՞ծ են, լաւ՞ են, առոյ ղջ են:

– Երկուքն էլ լաւ եւ հանգիստ են:

– Քեռիս, Կամսարականն ո՞ւր է:

– Քու Վասպուրական երթալեդ երկու-երէք օր վերջը թողուց գնաց Շիրակ, նա գիտես, առանց քեզի չի կրնար ապրիլ: Կ'երեւի թէ Բադրեւանդ իրեն համար անապատ է, երբ դու չի կաս: Հաւանական է թէ վաղը կամ միւս օր կ'ուգայ:

– Ես էլ զինքը շատ կը սիրեմ, բայց կը փափագէի, որ զիս քիչ մը հանգիստ թողուր իւր զինամարզութեամբք եւ քարոզութեամբք, որ միշտ կսկսին` «Մամիկոնեանց եւ Կամսարականաց սերունդի մը այսպէս կը վայելէ լինիլ կամ այդպէս չի վայելէր»:

– Շատ բարի, որդեակ իմ, – ըսաւ մայրը ժպտելով, – կարծեմ թէ երեք օր մը ազատ կրնաս լինիլ մօրեղբօրդ ձեռքեն, դժբախտութիւն մը եթէ կայ, հոն է, որ մայրդ զքեզ ազատ պիտի չի թողու, երբ ամսուան մը հեռաւորութեամբ այնչափ կ'արօտցէր է:

– Այդ դժբախտութիւնը դու լաւ գիտես, սիրելի մայր, թէ իմ երջանկութիւնս է:

Այս ըսելով Գրիգոր մօրը ձեռքը համբոյրներով կը ծածկէր, եւ հրկուքն էլ կը պատրաստուէին ելնելու, երբ ամրոցին մեծ դռան զարկը երեք անգամ բախեց: Գրեթէ կ'էս-գիշէր էր, մայր ու տղայ իրարու երես նայեցան եւ իրենց նայուածքը հարցական մ՚էր թէ ո՞վ կրնար լինիլ այն ժամանակ եկողը:

Նոյն հարցմունքը կրկնուեցաւ նաեւ նոյն միջոցին վարը պահապանաց եւ զօրականաց սենեակներուն մէջ: Զաւէն անձնապահապետը, որ կօշիկները հանած` նստած տեղը մրափելով իր մարսողութիւնը կը կատարէր, ցատկեց շտկուեցաւ եւ իւր երկու խոր եւ փայլուն աչքերը դէպի դուռն սկսան նայիր Դուրսի մեծ դռան պահապաններուն ամէնքը ուշ կը դնէին եկողին կամ եկողներուն հետ կը խոսէին: Զտուեն արագութեամբ սուրը գլխուն վրայեն յափշտակելով դուրս ելաւ եւ դուռը դիմեց:

– Բացէ՛ք, բացէ՛ք, իշխանն է, Հայոց զօրավարը, Թէոդորոս Ռշտունին, – կ'ըսէր դուրսեն ձայն մը:

– Այս ժամանակ ամրոցին դուռը չի բացուիր, – կը պատասխանէր դռնապանը, – ո՛վ կուզէ թող լինի: Վաղն առաւօտ լոյծս աչքով բարի եկաք, հազար բարով:

– Տէ՛, դուք հայ չէ՞ք, քրիստոնեայ չէ՞ք, Հայոց զօրավարը գիշերով դուրս կը ձգէք:

Այս վիճաբանութեան վրայ էին, երբ Զաւէն` դռնապանին քովն եկաւ եւ կամաց ձայնով քանի մը խօսք զրուցեց եւ մթութեան մէջ անհետ եղաւ: Նոյն միջոցին դուրսն էլ լռութիւն հաշորդեց:

Զտուեն շրջան մը ըրտվ բերդին քարաժայռին մէկ կողմը, գաղտնի փոքրիկ դռան մը գնաց եւ ամենայն զգուշութեամբ բացաւ. հոն պահապան մը դնելով ինք անշշունջ ելաւ դուրս եւ իջաւ վար նայելու համար թէ ի՛նչ մարդիկ էին եկողները, տեսաւ քանի մը ձիաւորք, որ կեցէր կը գանգտէին թէ Հայոց զօրավարը անձամբ հասնելով դռները փակ պիտի գտնէր, եւ թէ այդ անծանօթը պատճառ եղած էր զիրենք ի Վարդանաբերդ բերելու: Այս խօսքերը լսելով Զտուեն առանց դանդաղելու դարձաւ մտաւ իւր փոքրիկ դռնեն ներս եւ ամուր աղխելեն վերջ գնաց դռնապանին եւ հրամայեց դռները բանալ անյապաղ:

– Բարո՜վ, բարով, եղբա՛րք, ձեր գալուստը, – ըսաւ Զաւէն, – մի՛ զարմանաք եթէ զգուշութեամբ կը շարժինք այսպիսի ժամանակ, դուք էլ մեր տեղն եթէ լինիք կարծեմ թէ այսպէս պիտի շարժէիք:

– Ճշմարիտ է, եղբայր, ըսածդ, բայց մենք Հայոց զօրավարին անունը ձեզ տուինք, որ ճամփան շեղեց գիշերս հոս օթագայելու համար, եւ այդ` հրաւիրանոք Կամսարական Սուրէն իշխանի մը, որ մեզի հետ ընկերացաւ, – պատասխանեց զօրականաց մէկը, որ աւելի նշանաւորն էր իր ընկերաց մէջ, արեւեն սեւցած երեսովը, փայլուն աչքերովը, վզին ահագին հաստութեամբը:

Զաւէն շուտ մը ներս մարդ ղրկեց իմացնելու համար Թէոդորոսի գալուստը Սուրէնի հետ: Արդէն Տիկինը եւ Գրիգոր պատուհաններէն մտիկ ընելով եւ լսելով այս խօսակցութիւնը, հրամայեցին սպասաւորաց լուսաւորել դահլիճը, երբ ձիոց խխնջիւններու եւ սմբակներու ձայնը, զինուց շառաչիւնը եւ ջահերուն աղօտ լուսին փայլը անսովոր եւ յանկարծական կենդանութիւն տուին Վարդանաբերղի գաւթին, կէս-գիշերուն լռութեան մէջ:

Պալատին ներքին դուռը բացուեցաւ, սպասաւորը ջահեր ձեռվնին եւ Գրիգոր առջեւեն իջան հիւրերը դիմաւորելու, եւ ահա ինքն Հայոց զօրավարը եւ քովեն Սուրէն Կամսարական սանդուխներէն վեր կ'ելնէին:

– Որդեակ Գրիգոր, բարի է գալուստդ, – ըսաւ Սուրէն եւ պատանին համբուրեց, – քեզ այս երեկոյ տեսնելու յոյս չունէի: Ահա այս գիշեր ձեզ երեւելի հիւր մը բերի, տեսնենք ի՞նչ ընդունելութիւն պիտի ընես:

– Ռշտունեաց Տէրը մեր փոքրկութիւնը կը պատուի, ինքն է տանտէրը, ինքն, որ յոյս եւ ապաւէն է բոլոր այ ազգին:

– Յոյս եւ ապաւէն աստուած ինքն է միայն, որդեակ իշխանազուն, – ըսաւ Թէոդորոս իր խոր եւ մեծ հայեցուածքը պատանուոյն վրայ դարձնելով:

Այսպէս մտան մինչեւ մեծ դահլիճը այս երեք անձինք հետեւեալ քանի մը սպասաւորաց եւ թիկնապահաց, ուր վառարանը արդէն փայտերու բոցով կը ճարճատէր եւ կանթեղներու լոյսը կը զօրացնէր: Այդ աշնան ժամանակին գիշերները բաւականին զգալի եւ ցուրտ են Հայաստանի այս կողմերը, եւ Թէոդորոս ախորժ աչօք նայեցաւ այդ բոցոյն եւ մօտեցաւ վայրկեան մը վառարանին:

Իսկ երբ Հայոց զօրավարը թողուց վառարանը եւ դարձաւ` Սուրէն ու Գրիգոր անհետացած էին. իւր թիկնապահաց ակնարկ մը ձգեց, եւ ահա մէկը յառաջացաւ` սաղաւարտն առաւ գլխեն, եւ իւր նշանաւոր գլուխը երեւցաւ: Թէոդորոս Ռշտունեաց Տէրը միջահասակ եւ հազիւ թէ յիսուն տարու մարդ մը կ'երեւար այն ատեն. իւր լայն ճակատը, իւր յօնքերու զօրեղ կամարը, իւր ծանր եւ անխռով նայուածքը, իւր արծուի քիթը, իւր լայն կուրծքը, իւր բոլոր կերպարանաց հզօր համեմատութիւնը, աւելցնենք ասոնց վրայ իւր հակիրճ եւ վճռական խօսակցութիւնը` առաջին ակնարկին յայտնի կ'ընէին նշանաւոր մարդը, որ հրամայելու համար ստեղծուած էր:

Նոքա, որ կը ճանչէին զինքը, գիտէին իւր արդարութեան ոգին, գիտէին իւր քաջասրտութիւնը, գիտէին իւր անդրդուելի հաստատամտութիւնը, իւր հայրենի կրօնից հաւատարմութիւնը, եւ որ հազուագիւտն էր` մեծ եւ պզտի նախարարաց մէջ` գիտէին ժողովյչրդեան վրայ անազատ եւ շինական ժողովրդեան վրայ իւր ունեցած գութը, որ միայն ճշմարիտ հայրենասիրութիւն կրնայ համարուիլ: Շատ անգամ, երբ բարձակից նախարարաց հետ կը խոսէր, կը յիշեցնէր թէ իրենց պարտաւորութիւնը ժողովրդաց հայր եւ պաշտպան լինիլն էր եւ ոչ հարստահարել, թէ աստուած համար պիտի պահանջէր այն անիրաւութեանց, որ հաւասար օտարին` կը գործադրէին զանազան գաւառներու մէջ: Եւ իշխանք, որ զաստուած շատ հեռու կը գտնէին իրենց անզգամութեանց սանձ դնելու համար` Թէոդորոսի երկիւղեն արդարութեամբ կը կառավարէին իրենց վիճակը: Ճշմարիտ հայրենասիրութիւն, որ ոչ զազգը շողոքորթելու եւ ոչ նախատելու մէջն է` կը զգար իւր արդար սիրտը եւ ուղիղ խորհրդածութիւնը. ինք կը տեսնէր եւ լաւ կը հասկնար թէ հայ ազգին թշուառութեան պատճառն զօրաւոր ազգային կառավարութիւն մը չլինելեն եւ նախարարաց անկոպար իշխանութենեն առաջ կ'ուգար, որով երկրին մէջ կատարեալ անիշխանութիւն եւ փոքրիկ բռնաւորներ կը տիրէին, ստրուկք եւ խաղալիք օտարին: Եթէ ինք, որ հանճարի մարդ էր կը ջանար համոզել նախարարաց երեւելիքը միանալ դաշնակցութիւն մը կազմել օտարին բռնութենեն ազատելու հայրենիքը եւ արդարութիւնը թագաւորեցնելու համար, կային այնպիսի թուլամորթ կամ չարակամ կամ կարճատես մարդիկ, որ փախուստ կ'ուտային այդ միաբանութեան կապեն, երկրին տարածութիւնը, լեռներու անջրպէտքը ցցնելով, որոնց Թէոդորոս կը հարցնէր իրաւամբ թէ «ինչպէ՞ս ուրեմն այդ ընդարձակ տարածութեան մէջ` այդ լեռներու բարձրութենեն հայ կրօնք եւ հայ լեզու կրցեր էր ճամփայ գտնել եւ միացնել այդ ժողովուրդները հայ ազգութիւնը կազմելու համար»: Այդ մարդը, որ աչքերը տնկած Սասանեանց հզօր գահույից անկումը գուշակած էր, վասնզի ապականութիւնը եւ փտութիւնը տեսած էր թէ ի՛նչ աստիճանի հասած էին հոն Տիզբոնի մայրաքաղաքին մէջ, այդ մարդը, որ նոյնպէս Կոստանդնուպոլիս նոյն տեսարանը նկատած էր Բիւզանդական խարդախ եւ թունալից կառավարութեան մէջ, եւ հիմա կը տեսնէր Արաբիոյ անապատներէն վայրենի եւ բարբարոս կրօնամոլ ամբոխ մը, որ հազիւ թէ լսելի եղած աշխարհքիս` իբրեւ հրաբուխի բորբոքեալ գետ մը կը դիմէր, կը հասնէր, կը տոչորէր յաջորդաբար Դամասկոս, Եփես, Երուսաղէմ, Հալէպ, Անտիոք, Մեմփիս, Աղեքսանդրիա, Տիզբոն, որ ոչինչ չէր խնայէր, ոչ հասակ, ոչ սեռ, ոչ ալիք, ոչ սրբութիւն եւ ոչ կրօն, եւ որ սոսկալին է, կը տեսնէր ույդ հրեղէն գետը հասած դիզուած Հայաստանի սահմանագլուխը սպառնալից. դառնացեալ կը մտածէր եւ իր բոլոր միտքն ու ջանքը հոն էր, որ այս պատուհասը հեռացնէ իւր հայրենեաց վրայեն: Եւ այս վիճակին դարման տանելու համար Յունաց Սպարապետը գնացեր տեսեր էր Կարին, եւ համոզէր էր զինքը ամենայն քաղցբութեամբ` զօրաւոր փաստերով եւ ապագային ահագին վտանգներն առաջ դնելով թէ պէտք էր շարժիլ եւ շարժիլ ամէն զօրութիւն: Եւ ինք անգործ չի մնալով կը շրջէր գաւառէ գաւառ` կը յորդորէր զամենքը եւ կը զօրացնէր հայկական գունդը:

Այս պտտճառաւ անցէր էր նաեւ Շիրակայ, որ այն ժամանակներ Կամսարականաց կը պատկանէր, եւ ուր Սուրէն իրեն ընկերացեալ զօրաց մեծ մասը Վարդանայ կերտ թողլով` փոքր խումբով Վարդանաբերդ եկած էր Կամսարական իշխանին թախանձանոք, որպէսզի աւելի հանգիստ ըէէ:

Հազիւ թէ սաղաւարտը թողէր էր Թէոդորոս` կապոց մը գիշերային զգեստներ բերին սպասաւորք եւ Հայոց զօրավարը բոլորովփն սպառազինութիւնը թողած առաւ սամոյրը վրան եւ երբ կուզեր տարածուիլ բազմոցին վրայ հանգչելու համար, ներս մտաւ Սուրէն քրոջը հետ միասին: Մամիկոնեան Տիկինը կ'ուգար համառօտ եւ ազնիւ խօսքերով բարի գալուստ մաղթելու Հայոց զօրավարին: Թէոդորոս քաղաքավար եւ քաղցր շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն եղած հիւրընկալութեան, մանաւանդ որ ինք միշտ կը յիշէր թէ ինչ սերտ բարեկամութիւն կը կապեր Մամիկոնեան Տիկինը իւր կնոջ հետ:

– Ես շատ ուրախ եմ, Տէր, պատասխանեց Տիկինը, որ Գրիգոր այս վայրկեանիս դառնալով Ռշտունեաց Ոստանեն, ինձ բարի Հուրեր տուաւ ձեր Տիկնոջ եւ զաւակաց վրայ:

– Նո՞ր կ'ուգաս Ոստանեն, որդեակ Գրիգոր, եւ ամէնը ո՞ղջ, առո՞ղջ էին:

– Այո, Տէր, – պատասխանեց Գրիգոր:

– Երկիրս ի՞նչ վիճակի մէջ տեսար, որդեակ:

– Երջանիկ այնքան, որքան ոչ մի տեղ Հայաստանի մէջ:

– Ինչպէս Կ'ոգովտի գաւառը: Երկու-երէք անգամ այս տարուան մէջ անցայ այս տեղաց. եւ միշտ, ինչպէս սովորութիւնս է, գեղերը գիշերեցի. ամէն տեղ տեսայ երջանկութիւն. եւ Մամիկոնեանց Տիկնոջ գովութիւն եւ օրհնութիւն լսեցի այդ բարի եւ պատուական շինականաց բերնեն: Քիչ-քիչ ինձ համոզմունք կը դառնա թէ մենք երջանիկ ընելու համար ժողովուրդը կանանց պէտք է յանձնենք երկրին կառավարութիւնը, եւ միայն պատերազմով զբաղինք, միայն եթէ այն եւս կարէնայինք յաջողութեամբ ի գլուխ հանել:

Եւ այս վերջի խօսքերն այնպիսի տխուր եղանակով մը զրուցուեցան, որ Սուրէն անգամ սկսաւ մտածել թէ ինչ պատասխան պէտք էր տալ: Բարեբախտաբար երկու սպասաւորք փայլուն պղնձէ սեղան մը բերին արծաթեայ սկաւառակներով բեռնաւորեալ, որ զանազան համադամք կը պարունակէին:

Տիկինը քաշուեցաւ գնաց իւր սենեակները, Սուրէն միայն սեղանակից եղաւ իշխանին, որ սակաւապետ եւ չափաւոր ընթրիքը շուտով վերջացուց եւ բարի գիշեր մաղթելով Սուրէնի եւ Գրիգորի իրեն պատրաստուած անկողինը մտաւ զբաղած երկրին պաշտպանութեան խորհրդովք մինչեւ որ քունը հասաւ մտքին եւ մարմնուն հանգիստ տալու համար: Նոյն վիճակին մէջ է նաեւ Գրիգոր, բայց իւր միտքը երկրի պաշտպանութեամբ չէր զբաղէր, այլ Ռշտունեաց Օրիորդին քաղցր պատկերը զինք կը յուզէր:




ԳԼՈՒԽ Բ


Սուրէն Կամսարական քառասնամեայ անձ մ՚էր, թիկնաւէտ, յաջողակ զէնքերու մէջ, կորովի ձեռոք եւ մտօք ինք. Կամսարական զարմին ամենեն փոքր եղբայր լինելով եւ անզաւակ, եւ իւր կինը կորսնցնելով` որ շատ կը սիրէր, գրեթէ թողած էր հայրենի տունը Շիրակ, եւ իւր քրոջ Բիւրեղի վրայ մեծ սէր ունենալով նրա հետ կը բնակուէր Կոգովփտ: Բայց քանի որ Գրիգոր կը մեծնար, իւր` Գրիգորի վյրայ սէրն էլ օրաւուր կը մեծնար: Գրիգոր հանդարտ եւ խելօք էր բնաւորութեամբ, իւր հօրը` Դաւիթ Մամիկոնէի պէս, որ տկար եւ հիւանդոտ լինելով չունէր հայ նախարարաց այդ ընդհանուր եղած զուարճութեանց, որսի, պատերազմի, մականախաղի, պերճութեան եւ անառակութեան սէրը, այլ ընհակառակն իւր մտաւոր կարողութիւնքը մշակելով` ուսմանց եւ գիտութեանց սէր ունէր: Նա նոյնը իւր զաւկին հաղորդէր էր: Վարդանաբերդ հայերէն եւ յունարէն գրոց հարուստ մատենադարան մը ունէր, եւ Մամիկոնեան իշխանին միմիայն ուրախութիւնն էր եւ մխիթարութիւն տեսնել իւր Գրիգոր վարժ եւ յաջողամիտ. ժամանակին գիտութեանց մէջ տարիքեն յառաջադէմ: Իւր պալատը միշտ լեցուն էր գիտնական վարդապետներով եւ աշխարհահած ճամփորդներով. եւ Գրիգոր ուշի-ուշով մտիկ կ'ընէր ամէն խօսակցութիւն, որ նոր էին իրեն համար եւ միտքը կը զօրացնէին: Թէպէտ ծնողքը գոհ էին իրենց զաւկին մտաւոր զարգացմանեն, բայց նոյնը կարելի չէր զրուցել Սուրէնի համար, որ երբ Դաւիթ հոն չէր, կը մտնէր Գրիգորի սենեակը եւ յափշտակելով գրքերն առջեւեն, «Մամիկոնեան պատանուոյ մը համար շատ է եւ բաւական ինչ որ գիտես, քիչ մ՚էլ ուրիշ մարզերու նայինք» ըսելով` սուսերամարտութեան, նիզակախաղութեան եւ ձիամարզութեան կրկնութիւններ ու կը զբաղեցնէր, առանց ուշ դնելու իւր քրոջ դիտողութեանց. շատ անգամ որսի տանելով հետը լեռներ, սարեր, ձորեր հետի կը քալցնէր, եւ երեկոյին, երբ Գրիգոր յոգնած, դադրած, տուն կը դառնար գրեթէ անկարող շարժուելու, ինք Սուրէն առաջինն էր նրա ծնողաց ըսելու թէ «Ահա այսպէս Վարդաններ եւ Վահաններ կը զարգանան եւ կը հասնին, եւ ոչ գրքերու առաջ ժամեր անցնելով»: Իսկ Դաւիթ, որ կը տեսնէր թէ տղան օրաւուր կը զօրանար այդ մարմնամարզութենեն ժպտելով կ'ըսէր. Սուրէն եւ ես առանձին կատարեալ մարդ չենք, ես կարող միտք միայն եմ, նա կարող մարմին միայն է. աստուած տա, որ Գրիգոր երկուքն էլ ունենա:

Սուրէն զօրաւոր կազմուածքի տէր եւ անխռով միտք, վասնզի ներկան` օրը եւ ժամը միայն կը մտածէր սովորաբար, որ ոչ Թէոդորոսի պէս ազգին չափազանց սիրահարն էր, եւ ոչ Գրիգորի պէս Ռշտունեաց Օրիորդին, անկողին եւ քուն մտաւ միանգամայն, եւ երբ արշալոյսին հետ արթնացաւ, դիմեց դահլիճը, տեսաւ, որ Թէոդորոս արդէն չի կար: Սպասաւոր մը թուղթ մը տուաւ իրեն, որ չի լուսացած` սուրհանդակ մը բերած էր Թէոդորոսի, եւ որովհետեւ հրաման էր ո՛ր ժամանակ լինէր ամէն լուր իրեն հաղորդել րոպէին, թիկնապահքը մտէր էին սենեակը եւ աւէր էին թուղթը. Թէոդորոս շուտ մը սպառազինեալ հեծէր էր երթալու եւ Սուրէնի սպասաւորաց մէկուն տալով իր ընդունած թուղթը, մեկնէր էր: Սուրէն կարդաց այդ համառօտ նամակր. – Ատոմ Շահունի առ Թէոդորոս Ռշտունի. «Գիտութիւն լիցի, Հայոց զօրավար, որ յունաց բանակը կը մտնէ մէկ կողմէ, իսկ արաբր երկու զունդ բաժնուած, մէկը Երասխ անցէր է ի Նախջուան, միւս Արտազ մտէր է»:

Վայրկեան մը մտածեց Սուրէն եւ գնաց զգեստները հագաւ, երբ Գրիգորի ուղղուեցաւ` տեսաւ քոյրը, որ զինքը դիմաւորեց, եւ քաղցր ժպտով երկու ձեռները տարածելով` թող չի տալով, որ առաջ անցնի`

– Ո՛չ, – ըսաւ, – Գրիգորը թող որ հանգչի:

– Բայց դու չես գիտէր, որ Թէոդորոս գնացեր է արդէն:

– Ինչպէ՜ս չեմ գիտէր, ես տեսայ նորա երթալը. բայց իմ զաւակս Հայոց զօրավար չէ, պէտք է որ հանգչի` քուն լինի եւ այս տարիքին մէջ զօրանայ:

– Ահա՜ կանանց ամենեն լաւը՛, – գոչեց Սուրէն. – եթէ ձեզի թողուի տղան ճգնաւոր, վարդապետ, շատ-շատ թուլամորթ կաթողիկոս մը պիտի րնէիք… Գիտե՞ս ի՜նչ ժամանակի մէջ ենք, գիտե՞ս թէ վաղր ի՞նչ կրնայ հասնիլ գլուխնիս, ո՛չ դու միայն այն կը մտածես թէ Գրիգոր աչքեդ չի հեռանայ, անհանգիստ չլինի, իւր ամէն կամքը կատարուի: Բայց ես կը մտածեմ, որ Գրիգոր իր խելքով, իր գիտութեամբ ոչ միայն Վարդանաբերդ նստի, Կոգովիտ եւ Բագրեւանդ կառավարէ մօրը պէս եւ մօրը պէս գոհ ընէ այդչափ ով զամենքը` նաեւ Թէոդորոս Ռշտունին, այլ ես կ'ուզեմ, որ լինի աւելի քան այս Ռշտունեաց Տէրը թէ հոգուով եւ թէ մարմնով, ես կուզեմ…

– Գիտեմ քու ամէն զրուցելիքներդ, շատ իրաւունք ունիս, բայց դու այնչափ բարձր կը խօսիս, որ Գրիգոր կրնայ զարթնուլ, ե՛կ իմ սիրելի եղբայրս, եւ ինչ որ պիտի խօսիս իմ սենեակս խոսէ:

Այս ըսելով այդ գեղեցիկ կինը առաւ քաղցր բռնութեամբ եղբօրը ձեռքը եւ տարաւ սենեակը նստէուց. դիմացը կանգնելով եւ ձեռքերը կուրծքին վրայ ծալլելով:

– Հիմա հոս զրուցէ՛ ինչ որ կ'ուզես, բոլոր ուշս քեզի է, – ըսաւ ժպիտը միշտ շրթունքներուն վրայ:

– Ժպտելու ժամանակ չէ, քոյրիկ: – պատասխանեց Սուրէն ձեռքի թուղթը ցցելով եւ կարդալով նամակին վերջի խօսքերը:

– Եթէ յունաց բանակը Բագրեւանդ կը մտնէ` կը նշանակէ թէ մեր պաշտպանութեան կը դիմէ. եթէ Թէոդորոս կը շտապէ եւ կանուխ կը վազէ կ'երթայ կը նշանակէ թէ նախջուանայ կողմը մեր պաշտպանութեան կը դիմէ. եւ այս բանիս համար պէտք է որ ժպտի՞լն էլ արգիլուի:

– Ահա՜ կանանց ամենեն լաւը, – կրկնեց Սուրէն: – Այդ խօսքերով կարծեցիր թէ ինձ պատասխա՞ն տուիր: Այսպիսի վիճակի մէջ բաւակա՞ն է ըսել թէ Թէոդորոս գնաց արաբաց դէմ, եւ մենք պէտք է ոտքերնիս, ձեռքերնիս արածենք անհոգ, անպիտան, դանդաղ նստինք: Այդ մարդր` այդ Թէոդորոս երբ «այդ թուղթը Սուրէնի տուէք» կըսէ, այն կ'իմանայ, որ Սուրէն պէտք է շարժի, առնու Մամիկոնեանց զաւակը եւ դիմէ հոն, ուր արաբր կ'արշաւի, թումբ լինելու համար այդ սոսկալի թշնամուոյն դէմ, որուն առաջ ոչ բաւական ամրութիւն կայ եւ ոչ նուիրական բան մը աշխարհքիս վրայ:

– Բայց այդ Մամիկոնեանց շառաւիղը դեռ տասնեօթ տարու պատանի մ՚է, յոգնած` նոր ճամփէ եկեր է, կէս-գիշերն անցած հազիւ անկողին մտէր է, իւր տարիքին մէջ օրէնք չէ, որ այդ կատաղի գազանաս դէմ հոգին եւ մարմինը վտանգի դնէ եւ իւր հօր տան ծուխը մարէ:

– Շատ կ'ուզէի, որ այս խօսքերը Թէոդորոսի անգամ մը զրուցէիր…

– Ի՞նչ գաղտնիք կամ ամօթ կայ այս խօսքերուս մէջ, որ չի կարէնայի զրուցել. կարծեմ Վարդ երէկ իրիկուն հօրը հետ մէկտեղ չէր եւ չեմ կարծէր թէ վարը զօրականաց հետ ընթրեց, եւ հայրը բռնի մօրը գրկեն առաւ որդին արաբաց դէմ պատերազմելու կամ թումբ շինելու համար:

Այս խօսքերուն երբ Սուրէն սրտնեղութեամբ բերանը բացաւ պատասխանելու, Բիւրեղ առանց ժամանակ տալու «Ահա՜ կանանց ամենեն լաւը», – գոչեց ծիծաղելով եւ նոյն րոպէին փոքրիկ ոտնաձայն մը լսելով սենեակին մէջ ետին դարձաւ եւ գեղեցիկ վեց տարեկան աղջիկ մը Սուրէնի գիրկը դրաւ. իսկ Սուրէն այդ սիրուն տղեկը գրկին մէջ սղմելով եւ համբոյրներով ծածկելով.

– Սիրո՜ւն, աննման Արփենի, – կ'ըսէր, – ահա՛ կանանց ամենեն լաւը դու ես, երբ մեծնաս` սա մայրիկեդ աւելի խելօք պիտի լինիս, ջանաս, որ քու զաւակներդ թուլամորթ, հոյլ դանդաղ չլինին…

– Ո՛չ, ո՛չ այսպիսի զրպարտութիւն զաւկիս համար չեմ ընդունիր, – եւ դռան մէջ տեսնելով որդին, – լաւ ժամանակին կը հասնիս, Գրիգոր, քեռուոյդ պատասխան տուր եւ հասկցու իրեն թէ ոչ թուլամորթ, ոչ հոյլ եւ ոչ դանդաղ ես:

– Իմ փափագս ալ այն է, որ ինձ իմացնէ Գրիգոր թէ ինք ըսածներուս բոլորովին հակառակ ժիր, գործունեայ, եռանդուն է, եւ գիտէ ժամանակին առնուլ իւր զէնքերը, ազգի, կրօնքի եւ հայրենի իրաւանց վրայ պատերազմիլ:

– Եթէ դոքա վտանգի մէջ են ո՜ր մարդ կրնայ առանց վատութեան դրոշմր ճակտին կրելու փախուստ տալ այդ պարտաւորութենեն, – ըսաւ Գրիգոր ծանրութեամբ, եւ առաջ անցնելով առաւ իւր գիրկը Արփենին, որ իւր փափկաթոյր թեւերը եղբօր վզին փաթաթելով, ուրախութեան համբոյրներով եւ տարիքին յարմար խօսքերով կը պատասխանէր այս գրկախառնութեան:

Իսկ Բիւրեղ անգամ մը այդ տեսարանին լռելեայն աչք ձգելեն վերջ` լռելեայն դուրս ելաւ, որպէսզի ոչ եղբայր եւ ոչ զաւկները տեսնեն իւր արտասուքը:

Կաթիլ մը արտասուք շատ անգամ այնչափ գաղտնիք կը պարունակէ, որ յանձնապաստան եւ յիմար մարդ մը ոչ կը զգայ եւ ոչ կրնայ իմանալ, իսկ խոհուն մարդուն համար մտածութեան նիւթ մ՚է: Այդ կինը` երիտասարդ, գեղեցիկ, քաղցր, զգայուն, որ իր եղբօ՞ր հետ ոտն առ ոտն կը կռուէր եւ կուզեր հեռացնել ամէն վտանգ որդուոյն գլխեն, ոչ միայն պաշտպան, յոյս, ժառանգ անձին, զաւկներուն եւ երկրին կը տեսնէր այդ տղուն վրայ, այլ նաեւ իւր հօր կենդանի յիշատակն էր իր աչքին, անցեալ երջանիկ օրերու, որ չեն դառնար, երբ անգամ մը սրանան հեռանան, եւ մարդս իր երեւակայութեան մէջ անոնք կուզէ բերել, դարձնել, մեռածը կենդանացնել, այդ արտասուքը այդ փափագներուն վկաներն էին: Իսկ Սուրէն, որ սուր աչք ունէր բայց մէկ մասը միայն կը տեսնէր այդ արտասուաց, կրկնեց ինքնիրեն ինչ որ սովոր էր զրուցել իւր քրոջ համար. Ահա՛ կանանց ամենեն լաւը:

Նոյն միջոցին Գրիգորի միւս քոյրն էլ Նազէնիկ եկաւ, եղբօրը հետ գրկուեցաւ. գրեթէ հասած աղջիկ մը գեղեցիկ, գողտր, դեղձան մազերով, նուաղեալ աչքերով քաղցր տխրութիւն մը երեսին վրայ տարածեալ: Հաճելի էր տեսնել պատանին, որ դեռ երիտասարդութեան չէր հատսած եւ հօր մը ժպիտով կը նայէր իւր քերց վրայ եւ կը գուրգուրար:

Ընտանիքն ամէնքը միաբան իջան նախաճաշն ընելու, Սուրէն լուռ էր, վասնզի չէր ուզէր իւր քոյրը տխրեցնէի Գրիգոր երբեմն կը խոսէր, բայց Արփենին միշտ նիւթ կը գտնէր խօսելու եւ հարցնելու: Սեղանատունեն վար կ'երեւար գեղեցիկ փոքրիկ լիճը արծաթի սկաւառակի մը պէս, մակոյկ մը լճակը կապուած իբր թէ կը հրաւիրէր պտոյտ ընելու ծառազարդ եւ ծաղկազարդ ափանց վրայ. բայց ոչ ոք այդ մտածութիւնը չունէր. Սուրէն առաջինն ելաւ սեղանեն` նոյնպէս ամէնքը, եւ Արփենի ամենեն վերջ, միայն նա էր, որ չէր զգար թէ սպառնալից փոթորիկ կար օդին մէջ:

Խեղճ մայր, գիտէր, որ զաւակն իրմէ պիտի բաժանուէր, եւ այս անգամ ինք չէր, որ կ'ուղարկէր, այլ ստիպող յարկը` մահահոտ պատերազմի շռինդն էր, որ իր գրկեն կը կորզէր իր միմիայն յոյսը: Ուստի կորագլուխ անձայն զոհի պէս տեսաւ նորա սպառազինիլը, այլեւս արտասուք չի կար աչքերը, վասնզի սիրտն էր, որ կուլար, եւ երբ սանդուխին դուռն որդուոյն ձեռքերն եւ երեսները համբուրեց եւ ինք աչքերը գոց երկայն գրկախառնութիւն մ՚ըրաւ, մէկը չէր կրնար որոշել աղօ՞թք էր թէ գրկախառնութիւն:

Քսանի չափ հեծեալ սպառազէնք Գրիգորի կը սպասէին, երբ նա էլ հեծաւ եւ առանց գլուխը դարձնելու ելաւ բերդին դռնեն դուրս Սուրէնի ետեւեն.

– Զաւէ՜ն, Զաւէ՜ն, – կանչեց ներդաշնակ ձայն մը վերեն:

Մեզ ծանօթ անձնապահապետը դարձեալ մտաւ, եւ տեսնելով թէ Տիկինը չի խօսիր, իջաւ ձիեն, ելաւ սանդուխն երէն վեր:

– Զաւէ՛ն, քեզի նեղութիւն տուի, բայց մօր մը տկար սրտին ներէ. աւելորդ է քեզի յանձնել, բայց խնդրեմ հսկէ զաւկիս վրայ, – ըսաւ Տիկինը:

– Ո՜հ իշխանուհի, առանց իշխանիկին հաւտա՛ թէ Զաւէն աչացդ չերեւար:

– Աստուած հետերնիղ լինի… – կրցաւ միայն զրուցել խեղճ կինը եւ գլուխը դարձուց դէպի դուռը. էլ չէր կարող: Շտկուեցաւ դէպի եկեղեցին եւ հոն իւր վիրալից մայրենի սիրտը տարածեց ստեղծողին` միմիայն մխիթարիչ ցաւերու:

Ծեր զինուորը մօր մը այս կերպարանքին չի կրցաւ դիմանալ, գլուխը շարժէլով, աչքերը սրբելով հեծաւ եւ մտրակեց եւ փոշուոյ ամպի մէջ անհետացաւ եւ հասաւ խումբին, որ լռութեամբ իր ընթացքը կը շարունակէր, մինչեւ հասաւ Վարդանակերտ:

Սուրէն, որ մինչեւ այն ժամանակ բերանը չէր բացած, ցցուց հեռուանց Գրիգորի ծեր զօրավար մը, որ աւանին հողապատնէշներուն դուռը կեցած զիբենք կը դիտէր. «Տե՛ս, – ըսաւ, – սա ծերը Թէոդորոսի տեղապահ եւ մեծ բարեկամն է. սա է, Ատոմ Շահունի, երկիւղ երթէք չէ գիտցել թէ ի՞նչ է, մահն արհամարհել իրեն բնութիւն է դարձել, հիմա որ վաթսունն անց է, պատերազմի մէջ երիտասարդէ լաւ կը կռուի, կարող է խարդախութիւն մը, սուտի մը համար իր զաւակն սպաննել. կարծեմ թէ իւր ծիծաղը ոչ ոք տեսած չէ, երբ մօտենանք եւ զինքը դաժան տեսնես մի՛ զարմանար, բացի Թէոդորոսէ ոչ ոք համարմունքի արժանի չի սեպեր, եւ շնորհք է եթէ չարհամարհէր»:

Եւ իրօք, երբ մօտեցան, ծեր զօրավարը հազիւ թէ ընքուիների թեթեւ շարժմունքով բարեւ մը առաւ, իւր արձանի դիրքը ամենեւին չի Փոխեց: Իսկ Սուրէն, որպէսզի կարէնայ զինք խօսեցնել, նոյն Ատոմի առ Թէոդորոս դրած թղթիկը ցոյց տալով, հարցուց թէ ո՞ւր էր Հայոց զօրավարը:

– Այս նամակն ո՞վ քեզ տուաւ, Կամսարական, – ըսաւ դաժան ծերը:

– Այս առաւօտ ինձ տուին իշխանին կողմեն:

– Դուք քնած էիք, երբ նա հոս էր, – զրուցեց ծերը խստութեամբ, եւ իբրեւ թէ ինքնիրեն խօսելով, – այս է ահա մեր իշխանաց եւ իշխանազանց սովորութիւնը, ամենեն լաւերը քուն կը լինին, երբ գործելու ժամանակ է, իսկ վատերը մեծ շնորհք կ'ընեն եթէ մատնիչ չլինին եւ թշնամուոյն չառաջնորդեն:

– Կարելի՞ է, Ատոմ իշխան, մեզ իմացնես թէ որո՞նք են թշնամուոյն առաջնորդողք:

Այս խօսքին ծերը պատասխան նաեւ չի տալով`

– Հայոց զօրավարը, որ այս թուղթը քեզի թողէր է, ըսել կուզէ, որ երթաս զինքը յունաց բանակը գտնեմ, տէ՛, գնա՛, մի՛ դանդաղիր, տե՛ս, ինձ էլ պատվփրեց զօրքը պատրաստի ունենալ, – ըսաւ եւ ձեռքով ցցուց զօրքը, որ պատրաստ զէնքի վրայ կանգնած կը սպասէին:

Եւ այս խօսքերը զրուցելով կռնակը դարձուց բոլորովին:

Իսկ Սուրէն առանց խօսելու հեծաւ ձին եւ սկսաւ շարունակել իւր ճամփան, երեւակայելով թէ տեղեկութիւն հարցնել յունաց բանակին համար այդ քաղցր ծերուն աւելորդ եւ չափազանց հետաքրքրութիւն պիտի թուեր եւ մեծ յանդիմանութեան առիթ, իր ծիծաղը սանձելով կը շտապէր աոաջ անցնելու: Իսկ Գրիգոր, երբ հազիւ քիչ մը հեռացան` քրքիջ բարձրացնելով հետեւեցաւ քեռուոյն մինչեւ մատեցան Վաղարշակերտի, եւ յունաց բանակը երեւցաւ:




ԳԼՈՒԽ Գ


Մեր Կամսարականն եւ քեռորդին մտան յունաց բանակը, որ Վաղարշակերտի շուրջը տարածուէր էր: Հռոմէական անունը թէպէտ կը պահէին Բիւզանդիոյ կայսերք, եւ արտաքին փայլը դեռ կ'երեւար, բայց ամէն բան եւ զինուորութեան ամէն կարգ, կանոն թուլցած, աւրուած էր, հռոմէական արծիւն էր, որ լեգէոններուն գլուխը թեւերը կը տարածէր, բայց թշնամուոյն առաջին դիմադրութեան եւ հարուածին կը սլանար ի փախուստ, եւ այդ լեգէոնները միշտ մեծ քաջութիւն ցոյց կ'ուտային ներքին խռովութիւնք հանելու քան թէ թշնամուոյն դէմ պատերազմելու:

Եթէ զինուորին քով վատութիւն եւ անկարգութիւն սովորական էին դարձած, զօրավարները նաեւ շատ անգամ շնորհուկով անուանեալ եւ ոչ արժանաւորութեամբ գոռոզ յանձնապաստան եւ անարգ պալատական` հրամայել միայն դիտէին խաղաղութեան ժամանակ քան թէ առաչնորդել պատերազմի մէջ: Այսպիսի անձ մի էր Պրոկոպիոս, որ այս հռոմէական անուանեալ բանակին Սպարապետն էր, եւ որ Թէոդորոսի թախանձանոք եւ յորդորանոք հազիւ կրցեր էր շարժիլ եւ հասնիլ Կարնոյ ի Բագրեւանդ ամենայն դանդաղութեամբ:

Ուստի Սուրէն եւ Գրիգոր երբ մտան բանակը, ուղղուեցան Սպարապետին վրանը, որու դռան առաջ շարուած կանգնած էին հայ զօրավարին թիկնապահները: Երբ Սուրէն ուզեց անցնիլ, յոյն արարողապետը իմացուց թէ արգելք կար ներս մտնելու, թէպէտ ձայները բարձր եւ զայրագին կը լսուէին:

Թէոդորոս փորձ պատերազմող` առաջին ակնարկին տեսաւ, որ այդ բանակը թէեւ բազմաթիւ, բայց օգուտ չունէր երկրին իւր անշարժութեան մէջ, երբ թշնամի մը կար իւր առջեւ յանդուգն եւ կատաղի, որ մինչեւ այն օր յաջողէր էր իւր ամէն արշաւանաց մէջ, եւ այդ յաջողութեան համար յանձնապաստան այնչափ, որ կը համարձակէր թշնամի մեծ բանակի մը առջեւ երկուքի բաժնել իւր զօրութիւնը: Ուստի յորդորեց զպրոկոպ արագ յարձակմամբ հասնիլ Արտազ, խորտակել արաբաց մեծ գունդը եւ միւսին, որ անցել էր Երասխը նահանջի ճամփան արգիլել եւ բնաջինջ ընել: Այս պարզ առաջարկութեան յունաց զօրավարը գոռոզութեամբ պատասխանեց.

Ես կայսերական բանակին մեծ Սպարապետ` ոեւիցէ մարդու եւ մանաւանդ հայ իշխանի մը խրատուն կարօտութիւն չունիմ, քու պարտքդ ինձ հնազանդիլ է եւ ոչ խորհուրդ տալ: Իսկ քու երկրիդ կորուստը, աւերը, գերութիւնը իմ ամենեւին հոգս չէ:

– Կ'իմանամ թէ այդ խօսքերուն մէջ կան այնպիսի ծանր բառեր, որոնց հիմա պատասխանել յարկ չեմ համարիր: Բայց որովհետեւ ես պաշտօն ունիմ կայսրեն այս երկիրը կառավարելու եւ սորա փրկութեան հսկելու, եւ կը տեսնեմ վտանգը, որ թէ երկրին կը սպառնայ եւ թէ այս բանակին, կը խնդրեմ իմ խորհուրդներս եթէ արհամարհելի թուին, գոնէ այնպիսի թշնամի մը չարհամարհես, որ քիչ ժամանակի մէջ եւ մէ աչաց առջեւ ոչ միայն Ասորիք, Եգիպտոս յափշտակեց ի կայսրէ, այլ դեռ երէկ` մէկ ահագին հարուածով` պարսից ինքնակալութիւնը հիմն ի վեր տապալեց:

– Զիս կայսրը հոս չուղարկեց քեզմէ ուսնելու համար ոչ թշնամուոյն արարքը եւ ոչ իմ պարտաւորութիւնքս, պէտք է գիտնաս թէ շատ համբերեցի մինչեւ հիմա այդ քու շաղակրատութեանցդ, ուստի լռէ՛ եւ դուրս ել առջեւես:

– Կայսեր հրամանները եւ իր սպարապետները գիտեմ յարգել, – ըսաւ Թէոդորոս ոտք ելնելով եւ սանձելով սրտմտութիւնը, – բայց գիտեմ եւ տեսեր եմ նաեւ այնպիսիներ, որ տան մէջ գիտեն հրամայել իրենց չափեն վեր եւ որոտալ, եւ պատերազմի ասպարէզին մէջ` թշնամուոյն առաջ վատանալ եւ փախ չիլ: Կը փափագիմ, Յունաց զօրավար, որ այս վերջի բախտին չի փափագիս:

Եւ երբ այս խօսքերն ըսելով դուրս կ'ելնէր վրանեն, Պրոկոպիոս կատաղութեամբ ետեւեն կը նետեր սպարապետական գաւազանը, հայհոյանք եւ նախատինք ժայթքելով հայ իշխանին, որ` առանք գլուխը նաեւ դարձնելու, հայկական խումբին, որ իրեն կը սպասէր` «Երթանք, տղա՛ք, Իսմայէլի որդուոց դէմ», – ըսաւ, եւ ամէնքը հեծնելով շտապաւ հասան Վարդանակերտ: Բոլոր ճամփան երկայնութեան մէջ ոչ ոք համարձակեցաւ եւ ոչ Սուրէն խօսք մը խօսիլ Թէոդորոսի հետ:

Թէպէտ գիշերը վրայ հասած` բայց անխոնջ զօրավարը քաշեց իւր փոքրիկ բանակը Սարեակ ըսուած բլուրներուն վրայ եւ հոն` այն կիրճերուն բերանը դարանամուտ կը սպասէր թշնամուոյն, աշնան գիշերներ ցուրտ էին այդ սարերուն բարձրութեան վրայ, բայց ո՞վ կը համարձակէր գանգտիլ, երբ ինք Թէոդորոս առանց կրակի գիշերը կ'անցնէր, որպէսզի իւր ներկայութիւնն իմաց չի տայ թշնամուոյն: Հոն երեք օր, երեք գիշեր կեցած կը սպասէր ոչ միայն թշնամուոյն գալուն, այլ նաեւ կը սպասէր Յունաց Սպարապետին փրկարար մէկ շարժման, որ եթէ յառաջանար եւ դիրքը փոխէր թերեւս թշնամին կարէնար հարուածել: Բայց թշնամին երեւցաւ, եւ յոյնք իրենց անշարժութեան մէջ մնացին:

Թէպէտ այս նոր թշնամուոյն անունը մեծ` իրեն կրօնամոլ կատաղութեան առջեւ մինչեւ այնօր ամէն դիմադրութիւն խորտակուէր էր, բայց Ռշտունեաց իշխանն անսասան կուզեր չափը առնուլ նորա զօրութեան: Ուստի երբ թշնամին գրոհ տուաւ կիրճին մէջ անկասկած, արդէն բաժնուած հայ խումբը կիրճին երկու բարձանց վյրայեն սոսկալի նետաձգութեամբ զինք շփոթեց, եւ վերջը այդ ժայռերուն կը ռնկեն դուրս թափելով սպառազէն խումբերը եւ արաբաց շփոթութեան սթափելու ժամանակ չի տալով աջ ու ձախ կը կոտորէին անխնայ, եւ առնելով ինկածներուն կողոպուտը` կ'անցնէին Վարդանակերտի մօտեն Երասխայ հունը օգնելու համար այն եղբարց, որ արաբաց ուրիշ մէկ գնդին կատաղութեան զոհ կ'երթային:

Կը շտապէր Թէոդորոս եւ թոյլ ու դադար չէր տար զօրաց, որպէսզի հասնի թշնամուոյն, բայց նա սատանայական արագութեամբ իւր դառնութեան գործեր կատարէր էր եւ ամէն տեղ Նախիջեւանէ մինչեւ ի Գողթն գաւառ, գիւղ, աւան եւ անպատսպար քաղաք աւերակ էր եղեր, դէզադէզ մարդկանց դիակնէր եւ արեանց ճապաղիք այդ բարբարոս աւազակաց հետքերն էին, հուր, սուր, մահ իրենց նշանակներն էին, որ թողէր էին ետեւնեն: Լեռներու, բերդերու ապաստան եալ մարդիկ կ'իջնային գունդագունդ ողբ ի բերան փնտրելու համար իրենց սիրելիները, որ կամ սրոյ ճարակ եղած էին` կամ` որ աւելի սոսկալին էր` անողորմ ազգին գերութեան գնացած: Տուն, ամառանոց, եկեղեցի` ամէն բան կը մխար, ամէն բան արիւն կը հոտեր: Ծեր պատերազմողք, որ կարծէին թէ նոր չի կայ իրենց համար պատերազմի հետեւանք թշուառութեանց մէջ, երբ կը տեսնէին եղած անգթութեանց ու պղծութեանց հետքերն, երբ կը դիտէին յօշոտեալ անդամներ,, կրակի մէջ նետուած կանանց եւ կաթընկեր տղայոց դիակնէր, անօգուտ կատաղութեանց վրայ սոսկմամբ կը նայէին եւ գլուխնին շարժէլով երեսնին անդին կը դարձնէին: Ատոմ Շահունի, որ պարսից հետ եւ դէմ պատերազմած էր տարիներով, որ քուշանաց եւ կովկասային ամէն ժողովրդոց հետ կռուած էր, Սմբատ բազմայաղթի ամէն պատերազմներուն մէջ գտնուելով, եւ շատ բան կ'ըրնար պատմէք եթէ ուզէր խօսիլ, նա եւս, երբ եղածները կը տեսնէր, որ գազանութեան չափն անցեալ էին, երեսը թթուեցնելով «էհ» մը արձակեց:

Իսկ Թէոդորոս, որ ամէն ջանք կ'ընէր օգնելու խեղճ ժողովրդոց, յանկարծ Սուրէն Կամսարական փնտրելով, մէկ կողմ առաւ.

– Սուրէն իշխան, դու շուտ մը ա՛ռ Դաւթի որդին եւ գնա, – ըսաւ, – վասնզի ո՜յ գիտէ եթէ այդ անպիտան յոյները յաղթուին, որ շատ հաւանական է, այս ամէն չարիք եւ անզգամութիւնք Կոգովիտ եւ Բագրեւանդ կրնան գործուիլ այդ անողորմ ազգին ձեռքեն: Գնա՛ շուտով, քոյրդ միայն մի թողուր: Ես էլ կ'ուգայի, բայց պէտք է այս գաոանաց ջանամ հասնէի թերեւս գերիները կարէնամ թափել իրենց մադիլներէն:

Ուստի Սուրէն ու Գրիգոր իրեն խումբով բաժնուեցան զօրավարեն երթալու Կոգովիտ, որ իրօք այն վիճակին մէջն էր հորում երեւակայեց Թէոդորոս:

Արաբք Թէոդորոսի հարուածեն վերջ զօրացեալ ուրիշ դնգաց օգնութեամբ, աւելի զգուշութեամբ եւ խոհեմութեամբ առաջ քայլեցին, եւ իրենց յառաջապահներէն իմանալով յունաց անհոգ դիրքը, չսպասեցին, որ թշնամին իրենց վրայ յարձակի, այլ ամենայն կրօնամոլ կատաղութեամբ յարձակեցան Պրոկոպիոսի բանակին վրայ, որ արդէն իմացած նոցայ պարտութիւնը հայոց գնդեն եւ բանակին փոքրիկութիւնը, ինչպէս հեռուեն նոյնպէս մօտեն արհամարհէր էր զիրենք: Պատերազմը երկար չի քշեց, եւ վաթսուն հազար հոգուոյ բանակ մը տասն հազար արաբացի զօրաց առաջ քանի մը ժամ դիմադրութենէ վերջ չարաչար խորտակեալ կը փախչէր, իր բոլոր բանակը թողլով կապուտ կողոպուտ յաղթողին, որ ամէն բանի տիրանալէ ետք, ասպատակ սփռած ամէն տեղ կավարէր` կը քանդեր ըստ իւր սովորութեան, ո՛ւր որ ոտքը հասնէր:

Մեծ խումբ մը այս բարբարոսաց անտէր անտէրունչ գտնելով երկիրը, որ յունաց այս մեծ կոտորածեն զարհուրէր էր, սփռեցան Կոգովիտ, եւ ինչ որ դիւրամատոյց գտան` աւարելէ եւ ղերելէ վերջ յարձակեցան Վարդանակերտի աւանին վրայ, որ կատաղի դիմադրութիւն ըրաւ այս անօրինաց, որ յուսահատելով թողին պաշարմունքը: Նոյն միջոցին փոքրիկ գունդ մը, որ Վարդանաբերդի գեղեցիկ շէնքը տեսած հեռուեն եւ չորս կողմը պտոյտներ ըրած էին, մեծ հարստութիւն եւ գանձ յուսալով, եկան խումբին զօրավարին, որ Ալի անունով Շէյխ մ՚էր, իրեն առաջարկեցին` թէ երկրին տիրոջ ամրոցը հեռու չէր եւ լաւ աւար մը անշուշտ պատրաստ կար եթէ յաջողէին մտնել: Շէյխ Ալի առած իր գունդը եկաւ զննեց բերդը ն երբ տեսաւ պարիսպներուն բարձրութիւն եւ ամրութիւնը երկաթապատ դռները, ցաւագին գլուխ մը շարժեց նշան յուսահատութեան: Բայց սատանայական աչքերով երիտասարդ մը նոյն ատեն իրեն մօտենալով.

– Յուստհատելու բան չկայ, Տէր, – ըսաւ. – եթէ աս գիշեր աշխատինք ամէնս եւ անդադար, կրնանք այդ բերդն առնուլ

– Ինչպէ՞ս, – հարցուց Շէյխը:

– Եթէ բարձրեն առնուլ անկարելի է, կաշխատինք գետնի տակեն կը փօրենք այս պարիսպներուն հիմքը, եւ աստուած կը յաջողէ:

– Լաւ է այս խորհուրդը, – ըսաւ Շէյխը, որ վաթսունամեայ մարդ մ՚էր, եւ որու վրայ մեծ համարմունք ունէին իւր զօրականք, վասնզի Մարգարէին առաջին սպաներուն մէկն էր:

Ուստի բահի, բրչի պատրաստութիւնք տեսնուեցաւ, եւ երբ գիշերն եկաւ սկսան խրամը փորել եւ խորն իջնել այդ ճիւաղները շարունակ կը փոխուէին եւ մրջիւններու պէս կ'աշխատէին. երբ մէկ մասը հող կը կրէր. միւսը փորուած հողէ կամարը ցիցերով կ'ապահովէր, այսպէս առաջ կ'էրթային եւ պարսպին կը մօտենային: Իսկ բերդին պահապանները միամիտ կեցած եւ փորձ մարդ ներսը չի գտնուելով, վասնզի Տիկինը բոլոր պատերազմի հմուտ անձինքը ղրկած էր որդուոյն հետ, պարիսպներուն բարձրութեան վստահացած հանգիստ նստած կը սպասէին: Մահաբեր գործը կը յառաջանար, եւ դիւական յաջողութեամբ ոչ ժայռ, ոչ արգելք մը կը հանդիպէր այդ ճիւաղներուն, որք առաւօտեան դէմ պարիսպը անցած էին եւ սկսէր էին բարձրանալ. եւ որպէսզի պաշարելուց ուշադրութիւնը գրաւէին` զօրաց խումբն սկսաւ յարձակումներ ձեւացնել, սանդուխներ բերել պարիսպներուն մօտեցնել, նետաձգութիւնք ընել դէպի պարիսպները, ան ել ժայռերէ վեր ելնել եւ կախուիլ: Պահապանք թէպէտ թուով քիչուոր` բայց պաշտպանութեան համար զիրենք բաւական տեսնելով ավիզի զուարճութիւն քան թէ երկիւղ կը զգային այս տեսաբանեն. ուստի պարսպաց աշտարակներուն մէջ երբ միամիտ կանգնած էին, յանկարծ ձայն մը լսուեցաւ թէ թշնամին բերդին մէջն է: – Սարսափն ամէնքը պաշարեց, երբ տեսան բերդին գաւթին մէջ արաբացի ճիւաղներու սուսերամերկ խումբ մը, որ քանի կ'երթար կ'աւելնար, պահապանք վար թափուեցան պարիսպներէն եւ կատաղի կռիւ սկսաւ այդ յօրին բերանը ուսկից թողալով դուրս կը ժայթքէին այդ գազանները. մէկ ինկնողին տեղ երկուք կը բուսնէին վայրկեանէ վայրկեան, պահապանաց յուսահատ կռիւը յայտնի բաւական չէր ազատելու, ներքին պալատը, որ մեծ ամրութիւն չունէր, ուստի կանանց եւ տղայոց վայնասունը, ճիչն ու աղաղակը, այդ զինուց շառաչմանց, մեռնողներու ողորմ հառաչանաց, կատաղի պատերազմողաց յիշոցներուն եւ հայհոյութեանց հետ, տեսնողի եւ լսողի ահուդող կը պատճառէր: Վերջապէս յարձակողք յաջողեցան մեծ բերդին դուռը բանաւ, եւ էլ ուրիշ յոյս չի մնաց դիմադրելու, բոլոր արաբացի խումբը կը դիմէր ներս կատաղաբար: Ո՜վ պիտի պաշտպանէր այդ գազաններուն դէմ խեղճ կանայք եւ մանկտիք, քանի մը զինեալ սպասաւորք դռները եւ պատուհանները ամրացուցեալ կահ-կարասեօք` վերջին եւ անյոյս ճիգ մը թափեցին դիմադրութեան, քանի մը յուսահատ կանայք աչվնին դարձած` յիմարացեալ յուսահատութենէ եւ երկիւղէ վերի բարձր պատուհաններէն ինչ որ ձեռվնին կը հանդիպէր կը նետէին այն պատերազմողաց վրայ, որ տապարներով եւ մուրճերով կը ջանային դուռն պատուհան կոտրելու, եւ ահագին ցօղերով երկաթի վանդակներ կը ճարճատեցնէին:

Կին մը միայն, որ այս վիճակը կը տեսնէր եւ որուն երեսին վրայ նկարուած էր այլայլութիւն եւ յուսահատութիւն, Բիւրեղ տիկին, առանց ինքզինք կորսնցնելու իր կենաց պահպանութենեն աւելի ուրիշ մտածութիւն մը մտքին մէջ յանկարծ գալով, մտաւ իր աղջկանց սենեակը, տեսաւ Նազէնիկը, որ գոզալով ծունկի վրայ կ'աղօթէր, իւր քրոջ անկողնին քով, որ հանգիստ եւ անխռով կը քքէանար: Այդ կինը, որուն աչքերը ոչ արտասուքով այլ արիւնով լցուած էին, առանց խօսելու գրկեց մէկը եւ միւսին ձեռքեն բռնելով` կայծակի արագութեամբ վազելով իջաւ սանդուխներէն վար, իջաւ պարտէզին գահերեն վար, մինչեւ լճին եզերքը. հոն դրաւ փոքրիկ մակոյկին մէջ տղան. մտուց իւր շփոթած աղջիկը, եւ ինքն որ մտաւ, «փա՜ռք քեզ աստուած իմ» աղաղակեց եւ թիակ մը ձեռքին առած բացուեցաւ ցամաքեն, ուրախութեան ծիծաղ մը եկաւ երեսին, եւ երկու ձեռքով աղջկանը փաթաթուելով. «Ահա ազատեցանք, Նազէնիկս, մեր պատիւը անարատ կրնանք հոս այս լճիս մէջ թաղել», – ըսաւ: Իսկ այդ քնքուշ եւ միամիտ աղջիկը. «Հոս չեն կրնա՞ր հասնիլ ուրեմն այդ անզգամները, մայրիկ», – կը հարցնէր: Իսկ փոքրը` զարմացած, շփոթած իւր սուր եւ սեւ աչքերեն քունը թօթափելով. «Ո՞ւր կ'երթանք մայրիկ, դու գիտե՞ս թիավարել», – կ'ըսէր: «Այո, զաւակս, այսօր պիտի թիավարեմ», – ըսաւ եւ թիակներն անցուց եւ սկսաւ ամենայն զօրութեամբ հեռանալ` ուղղուիլ դէպի այդ լճակին միմիայն փոքրիկ կղզին. միշտ աչքերը դէպի ամրոցն ունելով: Խեղճ կինը այդ լճակը փոքրիկ կը գտնէր եւ այդ յուսահատութեան մէջ դեռ նուազ յոյս մը կը պահէր եթէ մէկը այդ գազաններէն զինքը չի տեսնէր. բայց աչն յոյսն էլ ոչնչացաւ, երբ հազիւ թէ կղզուոյն եւ բերդին մէջտեղի միջոցն հասաւ, տեսաւ, որ մէկ, երկու, երեք եւ դեռ քանի մը հատ ճիւաղներ իրենց մէջ կը խոսէին. թէպէտ լեզունին չէր հասկնար, բայց կ'իմանար իրենց շարժմունքեն թէ իւր վրայ կը խոսէին, եւ իրեն հասնելու հնարք կը փնտրէին: Յուսահատութիւնը արտաքոյ կարգի զօրութիւն մը տուած էր իրեն, զարմանալի յաջողութեամբ կը թիավարէր եւ նոյն միջոցին կը եսներ, որ քանի մը հատ այդ ճիւաղներէն կը թողուին իրենց զգեստները կը նետուէին ջուրը չուր ետեւեն. ոմանք շուտ մը ետ կը դառնաչին, բայց ահագին խափշիկ մը ձուկի պէս կը լողար եւ, երբ ինք կղզուոյն ափունքը գտաւ, այդ գազանը կէս ճամփան առած էր արդէն, ուստի անշփոթ փոքրիկ տղուն ձեռքեն բռնեց գիրկն առաւ: «Դու այստեղ այս լճափը նստէ, սիրուն Արփենիս, իմ աննման զաւակս, իմ գեղեցիկ հրեշտակս, աստուած քեզի պահապան լինի, մեր թշուառութիւնը քեզի ողորկութիւն դարձնէ եւ երջանիկ ընէ», – ըսաւ, համբոյրներով ծածկելով նորա երեսները եւ աչս առաջին անգամ աչս պարագային մէջ արցունքով թրջեց. եւ դնելով կղզին ծածկող ձարխոտին վրան` եղէգներու վարագուրի մը ետին` «Դու այստեղ պահուէ, զքեզ մէկը չտեսնէ, մինչեւ որ մենք գանք», – ըսաւ. տղան շփոթած մօրը խօսքը մտիկ ըրաւ եւ ձարխոտին մէջ ծածկուեցաւ: Ան ատեն ինք ձեռքերը երկինք տարածեց, կարճ աղօթք մ՚ըրաւ մտքեն, վերջը գօտին քակեց Նազէնիկին գօտուոյն անցած եւ իրեն կապեց եւ մակոյկին մէջի պզտի խարսխին չուանը նուչնպես իւր մէջքին կապեց եւ անթարթափ աչօք սկսաւ նաչիլ այդ սեւ խափշիկին, որ քանի կ'երթար կը մօտենար, երբ իւր ընկերներն ամէնքը յուսահատ ետ դարձեր էին: Երբ տեսաւ, որ քանի մը նաւակի միայն միջոց մնաց չուր եւ նորա մէջ, ողորմուկ ձաչնով` «Տէ՛ր, մի՛ համարիր զայս ինձ ի մեղս», – ըսաւ եւ ղրկելով գգուելով իւր Նազէնիկը, նետուեցաւ լճին մէջք Թշուա՜ռ կին, չի տեսաւ նետ մը, որ նոյն միջոցին սլացաւ եւ զարկաւ խափշիկը, չի լսեց ձայն մը, որ գոչեց. «Ա՜յ Տիկին, մի…» …լճին խաղաղ ջուրերը ճղքուեցան րոպէ մը կղզուոյն քով` եւ վայրկեան մը ետքը կատարեալ միապաղաղ ծածկեցին այդ համեստութեան զոհը եւ գեղեցկութեան հրեշտակը: Քիչ անդին սոսկալի յիշոցք մը լսուեցաւ, ջուրը կարմիր ներկուեցաւ եւ ճղփիւն մը լսուեցաւ, որ իջեցուց լճին յատակը խափշիկին մարմինը:

Լճին եղերքը թափառող անօրինաց աչքերը տեսան այդ կնոջ եւ իր աղջկան ջուր նետուիլը, իրենց սեւերես ընկերոջ անունը գոչեցին քանի մը անգամներ. եւ երբ տեսան ձայն, պատասխան չի կար, յուսահատ` ժամանակ չի կորսնցնելու եւ բերդին աւարեն չի պակսելու համար թողին ծովեզրը եւ ներս մտան:

Ան ատեն լճին եղէգնուտին կողմեն ջուրը շարժեցաւ, հիմա ուրիշ մէկն էր կը լողար, բայց այնպէս որ հազիւ քիթը դուրս էր ջրէն, թեւերը չէին շարժէր այլ ոտքերուն մահտները միայն, եւ այս գողի պէս լողացող մարդը եկաւ մօտեցաւ կղզուոյն անշշունջ, առանց երեւալու` միշտ եղէգներու սեզերն իրեն վարագոյր պահելով ելաւ ցամաք եւ գետնի վրայ սողալով գրեթէ եւ ոչ քայլելով իբրեւ թէ բան մը կը փնտրեր, եւ վերջապէս դտաւիր փնտրածը: Արփենի նստած` երկու թեւերով ծունկերը գրկած` խոտերուն մէջ կէս մը կորսուած կը մտածէր. անշուշտ ինքնիրեն «Մայրիկը ուշացաւ» կ'ըսէր, երբ կամաց, հաստ եւ իրենց շատ ծանօթ ձայն մը «Արփենի, Արփենի, սիրուն Արփենի, հոս ի՞նչ կ'ընես» ըսաւ:

– Զաւէն հայրիկ, դո՞ւ ես, մայրիկին կը սպասեմ, – զրուցեց աղջիկը տեղաց ցատկելով:

– Մայրիկը զիս ղրկեց քեզ տանելու համար, եկ երթանք:

– Բայց դու լիճն ընկեր ես, Զաւէն հայրիկ, վրադ գլուխդ բոլոր թրջէր է:

– Հոգ չէ երբ ես ջուրն ընկնիմ, աղջիկս:

– Բայց մայրիկը կըսէ, որ ջուրն ընկնիք` կը խեղդվփք:

– Այդ ինձ համար չէ, սիրուն Արփենի, աստուած քեզ պահէ, որդեակ:

– Ինչո՞ւ երեսդ անդին կը դարձնես, Զաւէն հայրիկ:

– Արեւն աչքիս կը զարնէ անոր համար: Բայց հիմա խօսելու ատեն չէ, եկ ինձ, որդեակ:

– Ինչ կ'ընես, Զաւէն հայրիկ, զիս կը թրջես, բոլոր ջուր եղայ:

– Հոգ չէ, Արփենի, դու ձայն մի՛ հանէր, ամենեւին մի՛ խօսիր, մինչեւ որ ցամաք ելնենք:

Խեղճ տղան կուրծքին վրայ պառկեցուցած նոյնպէս լողալով կ'երթար Զաւէն մինչեւ ցամաքը գտան. այն ատեն եղէգներու մէջ ելաւ կանգնեցաւ, հագաւ իր սպառազինութիւնը, եւ երբ աչքը դարձուց Վարդանաբերդի տեսաւ մուխ մը կը բարձրանար. աչվները կրակ դարձած սոսկալի յիշոցք մը տուաւ ատամները կրճտելով, այնպէս որ Արփենի սոսկմամբ «Ի՜նչ եղար, Զաւէն Հայրիկ» ըսելով սկսաւ փախչիլ. «Կա՛ց որդեակ, կա՛ց Արփենի, միտքս չեկաւ թէ հրեշտակներու քով ամէն պարագայի մէջ իրենց լեզուին չափ պէտք է դնեն», զրուցեց եւ ուժով մը սուլեց. Վայրկեան մը չանցած իր նժոյգը եկաւ վազելով եւ եղէգները կոտրտելով: Իսկ երբ Արփենին գիրկն առաւ Զաւէն, խելօք ձին մեշքը խոնարհեցուց, որ դիւրութեամբ հեծնա զինուորը, եւ Կ'աղզուանայ ճամփան բռնեցին:




ԳԼՈՒԽ Դ


Մի ոգի տխրութեան խորին եւ աներեր
Բնակեալ հայս տեղիս կը տանի քո քայլեր.
Արձագանք անցելոյն` ոչինչ այլ չի լսուիր,
Յիշատակ քեզ գրաւի: Ներկան չի նշմարուիր: —
Զերթ զանգակ հեռաձիգ խառնակոչ կը հնչեն
Մայր ծառոց գագաթունք հողմավար կ'արտասուեն,
Չիք մի ձայն բընութեան իբր մեռեալ նա թրուի
Եւ ի մէջ դամբանաք` ե՜ս լոկ կամ կենդանի:

    ՇԼԵԳԵԼ
Զաւէն Հայրիկի զիրկը ձիու վրայ ճանապարհորդել Արփենի շատ կը սիրէր, ուստի նախ Հաճելի եղաւիրեն այս երթը, բայց երկու ծանր խնդիրներ կային իրեն Համար, որ պէտք էր լուծուէին, ուստի ըսաւ.

– Մայրիկը, Նազէնիկը ո՞ւր գնացին, գիտե՞ս:

– Գիտեմ որդեակ, – պատասխանեց ծեր զինուորը թէպէտ ձայնը այնչափ արտասուալից էր, որ`

– Հայրիկ, դուն կուլա՞ս, – ըսաւ պզտիկը եւ գլուխը վեր առաւ Զաւէնի երեսը տեսնելու համար` բայց միայն մօրուքը տեսաւ:

– Չէ, որդեակ, ի՛նչ կայ լալու, Հարբուխ եղած եմ քիչ մը, այն է:

– Թրջեցար անկից է, մայրիկը կըսէ թէ երբ մէկը թրջի` Հարբուխ կը լինի, ես էլ հարբուխ պիտի ունենամ: Այնպէ՞ս չէ, Հայրիկ, զգեստներս բոլոր թաց են:

Ծերը` այս հարցաքննութենեն, ուր մայրիկին բոլոր խօսքերը մէկ-մէկ վկայութիւն էին այնպէս Յուզուած էր, որ կը շփոթէր պատասխան տալ եւ կը սպասէր, որ Արփենի խօսքը փոխէր. եւ իրօք ժամանակը եկած էր` Արփենի երկրորդ խնդիրն առաջարկից.

– Հայրիկ, նախաճաշիկ ե՞րբ պիտի ընենք, ես անօթի եմ:

– Հիմա քանի մը վայրկեանեն, – ըսաւ ծեր զինուորը եւ շուրջը կը նայէր, մտածելով թէ ո՞ւր էր, վասնզի միտքը բոլոր այդ սոսկալի եղեռնին էր, որ աչքին առաջ դարձած էր, եւ յիշելով թէ գոնէ քառորդ մը ժամանակ պէտք էր գիւղը հասնելու, ձիուն ձայն տուաւ, որ շտապէ, եւ սկսան թռչիր Եւ Արփենի ուրախութեան ձայներ կը ձգէր: Ահա գիւղ մը երեւցաւ. բայց ձայն ձուն չի կար, շուն մը նաեւ չի կար, որ հաչէր. «Տէր աստուած, – կ'ըսէր ծեր զինուորն ինքնիրեն, – միթէ արաբին ոտքը հո՞ս էլ հասեր է. բայց ոչ, խոտ էլ կայ, կանաչ էլ կայ»: Վերջապէս իջաւ ձիեն, պտոյտ ըրաւ, ձայնեց, գոչեց, պատասխան տուող չեղաւ. երբ մտքեն կ'անցնէր դուռը խորտակել եւ քանի մը ոտք էլ առաւ, ահա պառաւ կին մը նստած արեւուն մէջ դռան առաջ իլը ձեռքը կը մանէր, եւ այնպէս խոր զբաղած էր իւր մտածութեանց մէջ, որ ոչ ոտքի ձայն, ոչ զէնքի շառաչ զինք չէին արթնցնէր:

– Բարի՛ լոյս, մայրիկ, – ըսաւ իր բնական ձայնով. պատասխան չի կար, եւ որովհետեւ Զաւէն իւր տեսակին մէջ դիտողական փիլիսոփայութենէ զուրկ չէր, եւ դիտէր թէ ընդհանրապէս մարդիկ մանաւանդ կանայք կը սիրեն իրենց տարիքը պզտիկցնել, ուստի ձայնեց.

– Բարի՛ լոյս գա վրադ, քուրիկ:

Դարձեալ պատասխան չի կար. առաջ անցաւ զինուորը եւ երբ ստուերը պառաւին վրայ ինկաւ, նա անխռով գլուխը վեր առաւ եւ չափելով դիմացինը անգամ մը

– Ի՞նչ կ'ուզես, ասպատակեն ի՞նչ լուր կայ, – ըսաւ:

– Աս տղուն համար քիչ մը ուտելիք կ'ուզեմ, քուրիկ:

– Մօ՞տ են թէ կորան գնացին:

Զաւէն իմացաւ թէ խուլ էր կինը, ուստի ականջին մօտեցնելով շրթունքը, «Քիչ մը ուտելիք, ուտելիք սա տղուն համար», գոչեց եւ այնպիսի ձայնով, որ պատերազմի ժամանակ միայն կը գործածէր:

– Իմացայ, իմացայ, ականջս ծանր է, բայց խուլ չեմ… ի՜նչ սիրուն տղեկ ունիս… – ըսաւ պառաւը Արփենին նայելով եւ գնաց:

Արփենի իջաւ Զաւէնի ղրկեն, սկսաւ պտըտիլ, երբ Զաւէն կանգնած կը մտածէր, մենք գիտենք թէ ինչ կը մտածէր, բայց Արփենի, որ ներս դուրս ելաւ մտաւ.

– Զաւէն հայրիկ, այդ կինը չեկաւ, մոռցաւ՞ ուտելիք բերել, – հարցուց, – ես շատ անօթի եմ: – Իսկ Զաւէն երբ չի լսեց, տղան եկաւ եւ սրունքներէն քաշելով` «Զաւէն հայրի՜կ, Զաւէն հայրի՜կ», – կանչեց. երբ տեսաւ թէ չիմանար, սկսաւ շրթունքը թուլացնել եւ պիտի սկսէր լալ, երբ Զաւէն քունէ արթնցածի պէս գրկեց տղեկը.

– Ի՞նչ է, սիրուն Արփենիս, ի՞նչ է, իմ հրեշտակս, մի՛ լար:

– Վախեցայ, որ դու էլ այդ պառաւին պէս պիտի չի լսես:

– Մի՛ վախեր, ես կը լսեմ. երթանք, պառաւը տեսնենք թէ ի՞նչ կընէ, ի՞նչ կը բերէ քեզի:

Երբ ներս պիտի մտնէին` տեսան փայտեայ մաքուր սեղանի մը վրայ սէր, մածուն, պանիր, խաղող, լաւաշ դրած, պառաւը կ'ուգար: Բարեբախտաբար տղաք ազնուապետական զգացմունք չեն բերէր իրենց հետ անդիի աշխարհքեն. Արփենի, որ արծաթեայ սկաւառակներու մէջ սովրած էր ուտել առանց ուշադրութեան այդ հողէ ամաններուն` ախորժակով կ'ուտէր. եւ Զաւէն թէպէտ դաոնաց եալ հոգուով` մեծ մխիթարութիւն կը զգար այդ անմեղ հրեշտակին նայելով, որ իւր աչաց առջեւ նաեւ` չէր տեսեր որբութիւնը: Բայց պառաւը թեւէն դրդելով` զինք կը հրաւփրեր ուտելու. ծեր զինուորը թէպէտ կէս-գիշերվնէ ի վեր շարունակ կը ճանապարհորդէր, բայց ախորժակ չունէր ուտելու. պէտք էր Արփենի զինք կրկին-կրկին հրաւփրեր, որ ուտէ, ուստի քանի մը պատառ առաւ եւ բաժակ մը գինի խմեց:

Շփոթած էր ծեր զիովորը. տղան երբ կշտացաւ մայրիկը կը հարցնէր. իսկ պառաւը` ասպատակեն լուր կը հարցնէր. ուստի կարճ կապելու համար հրաժարական բաբէ մը տուաւ պառաւին, հեծաւ ձին եւ քանի մը ժամուան մէջ հասաւ Կ'աղզուան: Արփենի չիմացաւ այս ճանապարհորդութիւնը, վասնզի մեծ մասը քնացաւ եւ երբ հասան աչքերը բացաւ տեսաւ կանայք եւ աղջիկներ, որ զինք դրկէ գիրկ կը յափշտակէին, մէկը իր խաժուկ աչքերը կը գովեր, միւսը թուշերը կը պագնէր, վերջապէս փոքր տարեկից տղայք նաեւ իրեն հետ սկսան խաղալ. ուստի աղջիկը լաւ զբաղած էր այս կէս գիւղացուոյ, կէս քաղաքացուոյ` տան մէջ, որ Զաւէնի տունն էր: Իսկ Զաւէնի կինը, որ լաւ կը ճանչեր իւր էրկան բնաւորութիւնը եւ շատ խելօք կին էր, առաջ բան չի հարցուց, իսկ երբ առանձին մնացին, սկսաւ հարցնել թէ ի՞նչ էր այդ դառնութիւնը, թէ ստոյգ էր արաբաց Կոգովիտ ասպատակելը, թէ վտանգ կա՞ր իրօք Մամիկոնեան Տիկնոջ համար: Այն ատեն Զաւէն պատմեց համառօտիւ թէ ինչպէ՞ս ինք Սուրէնի եւ Գրիգորի հետ հրաժարելով Թէոդորոսէ, քանի որ Վարդանաբերդի կը մօտենային` անհանգիստ լինելով ամրոցին վիճակին վրայ եւ տեսնելով, որ Գրիգոր եւ շատերը յոգնած էին, որոշեց ժամ առաջ երթալ եւ յայտնելով առջի իրիկվնն` կէս-գիշերուն ճամփայ ելած հասեր էր Վարդանաբերդի մօտ, եւ հեռուանց տեսնելով խուռն բազմութիւն եւ զինուց փայլ` վտանգ մը երեւակայելով լճին ճամփան բռնէր սկսէր էր մօտենալ, եւ տեսնելով հեռուանց կին մը եւ աղջիկ մը մակոյկին մէջ, որ դէպի կղզին կը դիմէին, եւ իմանալով թէ Բիւրեղ տիկին ինքն էր, երբ հնարք կը մտածէր զինքն ազատելու եւ արդէն նետահար ըրած էր խափշիկը, որ կը հալածէր, տեսեր էր մօր եւ զաւկին ջուր նետուիլն եւ անհետանալը, ուստի ալս տղեկը միայն ազատելով կ'ուգար մահն ի սիրտ: Խեղճ զինուորը կը պատմէր եւ կուլար. բարի կինը մտիկ ընելով ջուրի պէս արցունք կը թափէր, երկուքն էլ միասին կը յիշէին Տիկնոջ ազնիւ սիրտը, չուր առաքինի վարմունքը, հեզ հոգին: Նորա ընծաներն էին, որ զարդաբեր էին իրենց տունը, Զաւէն կը յիշէր այն օրերը, որ նա Մամիկոնեանց տան հարս եկած էր եւ սիրելի եղած էր իր քաղցրութեամբ մեծին եւ փոքրին:

– Իսկ դու Հիմա ի՞նչ պիտի ընես, – ըսաւ կինը:

– Ես այս գիշեր կ'երթամ. այդ ճիւաղները կենալու միտք չունին, վասնզի ամրոցին բոցը տեսայ. իշխանիկը կ'երթամ ու կաշխատիմ գտնել եւ իմացնել մօր եւ քրոջ մահը, իմացնել իբր մխիթարութիւն Արփենիին ազատիլը, թէպէտ կորուստները մեծ են, բայ ինչ ընենք: Խե՜ղճ երիտասարդ, ինչպէ՞ս մայրը կը պաշտեր… երբ կ'էրթայինք վերջին անգամ… «Գրիգորս քեզ կը յանձնեմ, Զաւէն հայրիկ…»:

Եւ հեկեկանքը խեղդեցին կորովի ծերուն ձայնը:

Իսկ դուրսը պարտէզը մեծ ուրախութիւն կար. մեծ եւ պզտի տղայք եւ աղջկունք Արփենիի տօնը կը կատարէին. պարտէզին ծայրը Երասխի ափանց նայող բարձրաւանդակին վրայ, գեղջկական կանաչագեղ հովանոցի մը տակ սեղանը կը պատրաստէին, տանտիկինն զբաղեալ էր կերակրոյ պատրաստութեամբ, իսկ Զաւէն յոգնած եւ տխուր խոր քունէ արթնացաւ զօրացեալ, երբ արդէն կէս-գիշերը մօտ էր: Ընթրեաց ժամանակ Արփենի յայտնեց թէ ամրոցեն լաւ էր այս տունը, ուստի կուզեր, որ հոն բերէ Զաւէն հայրիկ` մայրիկը: Երբ ընթրիքը վերջացաւ եւ պզտիկները քնացան, Զաւէն հեծաւ եւ ելաւ դառնալու Վարդանաբերդ:

Կ'էս-գիշերուան մօտ էր, աշնան աղօտ լուսին մը տկար լուսով կը լուսաւորէր Կ'ոգովտի լիճը. բերդին հրդեհին մնացորդ բոցը երկրորդ լոյս մը ձգած էր ջուրին վրայ, ուստի մեծ զզուշութեամբ սկսաւ մօտենալ, եւ ամենեւին ձայն չի լսելով` երկայն ժամանակ ուշ դնելէ վերջ իջաւ ձիեն, թողուց, որ արածի, եւ ինք զգուշութեամբ պտոյտ ընելով հասաւ բերդին դռան առջեւ. տեսաւ դռներն ինկած, տեսաւ Մամիկոնեանց պալատը կիսակործան եւ հրօ ճարակ, տեսաւ դիականց կիսախանձ կոյտը ընդարձակ եւ ծառազարդ գաւթին մէջ թողեալ, իմացաւ թէ այդ գեղեցիկ բերդը կատարեալ գերեզման էր դարձել, ուստի ելաւ պարիսպներէն դուրս` սկսաւ լճին հարաւային կողմը երթալ տեսնելու թէ ի՞նչ կայ, հազիւ թէ քանի մը քայլ առաւ դիակ մ՚ալ յօդ պատահեցաւ` անցաւ առաջ ուրիշ մը, ուրիշ մ՚էլ` եւ տասը-տասներկուք մը համրեց, լուսնի լոյսը շատ աղօտ էր, որ կարէնար ճանչել, ուստի քիչ մ՚առաջ որ գնաց, տքալու ձայն մը լսեց, վազեց դէպ այն կողմը: «Ա՜հ, քիչ մը ջուր, ի սէր աստուծոյ, քիչ մը ջուր», – կ'ըսէր հողին վրայ պառկած մէկը: Դարձաւ մտաւ բերդը, վազեց դռնապանաց աշտարակին տակի սենեակը, ուր փոքրիկ աղբիւր մը կար, հոն հողէ հա,սարակ ամաններ կը գտնուէին, առաւ լցուց եւ քիչ մը տուաւ, որ խմէ. մարդը երբ ոգի առաւ, այն ատեն`

– Որդեակ, դու ո՞վ ես, – հարցուց:

– Թադոսի որդի Տրդատն եմ, – ըսաւ վիրաւորը:

– Դու իշխաններուն հե՞տն էիր, երբ եկանք:

– Մենք կէսօրին այստեղ հասանք: Երբ բերդին մուխն ու բոցը տեսանք, ետ դառնալ եւ փախչել սկսանք, բայց երկու հար իւրէ աւելի ձիաւորաց խումբ մը, որ շրջակայքն աւարելու գնացեր եւ կը դառնար, մեր ճամփան սւրգիլեց, ուստի զատեալ թշնամիներէն յուսահատաբար կը ռուեցանք. ես վիրաւոր ընկայ, չգիտեմ միւսներն ի՞նչ եղան.

– Տէ՜ր աստուած, տէ՜ր աստուած, այս ի՛նչ պատուհաս է մեր վրայ, – կ'ըսէր ծեր զինուորը:

Ելաւ այց ընելու. բոլոր ինկելոց կը շօշափէր` ձեռքը սրտերնուն վրայ կը դնէր, թէ կենդանի ոք թերեւս կարէնայ գտնել, բայց ամէնքը լաւ մեռած էին, դարձաւ վիրաւորին քով, պատեց վէրքը ինչչափ կրցաւ, հեծուց իր ձիուն վրայ եւ շտկուեցաւ մօտակայ վանք մը, որ լեռանց ափափայից վրայ շինուած դժուարաւ գտանելի տեղ լինելուն կը յուսար թէ բարբարոսաց ոտքերը չեն հասած, եւ իրօք այնպէս գտաւ ինչպէս կը յուսար: Կրօնաւորք սիրով իջան անապատեն թաղելու համար իրենց քրիստոնեայ եղբարց մարմինները: Իսկ Զաւէն, որ Գրիգորի մարմինը կը փնտրեր` չը գտնելով ոչ նորա եւ ոչ Սուրէնի մարմինը, փառք կ'ուտար աստուծոյ եւ կ'ըսէր. «Օր մը անշուշտ յանկարծ կ'ուգայ եւ ես ձեռոքս իրեն կը յանձնեմ քուրիկը»:

Անկից իջաւ ծովեզրը, լիճը խաղաղ կը ծիծաղէր` անտարբեր մարդկային ողորմելի յուզմանց վրայ, ելաւ լողալով մակոյկին քով նստաւ, նոյն տեղ, ուր Արփենին առաջի օրը նստած կը սպանէր իւր մայրիկին, ջուրը իւր վճիտ կերպարանքն առաւ. ան ատեն նայեցաւ եւ տեսաւ ջուրին տակ մայր ու աղջիկ քովե-քով, մտաւ եւ առանց դժուարութեան հանեց զիրենք ցամաք. ըսաւ ինքնիրեն. «Աստ այս կղզին անխօս վկայ այս սքանչելի մօր եւ հրեշտակային զաւկին պարկեշտութեանց թող իըենց գերեզման լինի. ապագային մէջ աւազակաց եւ արիւնարբու ճիւաղաց թերեւս միմիայն ապահովութիւն աստ գտնուի. մինչեւ որ իշխանիկը երեւան ելնէ»: Մտաւ մակոյկը, գնաց բերաւ ամէն պէտք եղածը, փորեց գերեզմանը աոսուոյ ծառի մը տակ, եւ երբ ամէն հանգստեան կարգ կատարուեցայ, ինք մեռելաթաղ, ինք սպասաւոր, ինք հայր եւ եղբայր եւ ամենայն լինչելով, յորդառատ արտասուոք ողողեց գերեզմանը, ինք նաեւ զարմանալով թէ ծեր զինուոր` իւր այդ աչքերը, որ հուր գիտէին թօթափել, ուստի՞ այդչափ արտասուք կը բխէին, որ բոլոր կեանքին մէջ այնչափ ունեցած չէին:

Իսկ երբ արտասուքը սրբեց, ժողովեց աստուծոյ պաշտօնեայքը եւ հանեց բերդին առջեւ, տուաւ կրակը բորբոքեց մակոյկը, որպէսզի ոչ ոք կարէնայ մերձենալ կղզուոյն, ան ատեն. «Ամենայն ինչ կատարեալ է», – ըսաւ, եւ գլուխը կուրծքին դրած` անցեալին մէջ թաղուած այդ բերդին հանդէսները, կոչունքները, ուրախութիւնքը, սուգերը եւ տրտմութիւնքը նաեւ` ամէնքը աչքին առջեւ տեսնելով յաջորդաբար, ուր երկայն տարիներ անցուցեր էր, եւ քսանչորս ժամ բաւական եղած էր անյայտ, անյիշատակ ընելու, դարձեալ Կ'աղզուանի ճամփան բռնեց մոռնալով նաեւ իր նժոյգր, որ ծանր իր ետեւեն կը քալէր լռիկ եւ տխուր իբր թէ չի համարձակելով իւր տիրոջ խորհրդածութիւնքը շփոթել:

Բայց վերջապէս Զաւէն իբր քունէ արթնացաւ, վասնզի ծունկերը չէին ուզէր իրեն հնազանդիլ, սաստիկ յոգնութիւն մը զինք առէր էր, հեծաւ իրեն ձիուն վրայ, նոր զգացմունք մը` գլուխը սկսաւ պտոյտ գալ, այնպէս, որ եթէ չզգուշանար պիտի ինկներ ձիեն, այս նոր երեւոյթներէն արթնացած միտքն եկաւ թէ ամենեւին բերանը բան չէր դրած, եւ արեւր մայր մտնելու մօտ էր, ուստի շտապեց եւ հասաւ այն գիւղը, ուր առջի օրը խուլ պառաւը զինք հիւրընկալէր էր:

Դարձեալ առանձին էր պառաւը` նստած իր դռան առջեւ. դարձեալ գիւղն անապատ էր: Թէպէտ ինք հացի պատառ մը միայն ուզեց, բայց բարի պառաւը հացն ու պանիրը եւ կուժով գինին մէկտեղ գրաւ առջեւը: Եւ երբ տեսաւ թէ ախորժակով կ'ուտէր.

– Ես մարած աչքերեդ իմացայ, – ըսաւ, – որ դու շատ անօթի ես. մեր գիւղացիքը ամէնքը լեռները փախան, աւազակներէն կը վախեն:

– Դու չե՞ս վախեր, որ այսպէս մենակ կը նստիս, – հարցուց. Զաւէն քիչ մը ձայնով, քիչ մը նշանացի:

– Իմ վախելու տեղս մնացե՞ր է, որ վախեմ: Ասպատակը երիտասարդ կուզէ, ինձի պէս պպռաւներուն վնաս չի հասցնէր:

– Դու այնպէս կարծես, բայց հիմկու նորելուկ աւազակները քեզպեսները սուրէ անցուցեր են:

– Է՜հ, ի՜նչ ընեմ, – ըսաւ պառաւը արհամարհ անոք ուսերը ցնցելով, – եթէ սպաննեն` թո՛ղ սպաննեն, հազար տարի ապրելու չեմ, արդէն հարիւրին մօտ եմ: Թոռներ, տղաքներ, հարսներ ունիմ: Դուք գնացէք` փախէք լեռը, ըսի, ես տանս մէջ եթէ պիտի մեռնիմ, խաղաղ կը մեռնիմ:

Այս փիլիսոփայութեան պատասխան չունէր Զաւէն, ուստի լռեց, եւ երբ հացը կերաւ լմնցուց եւ գինուոյ կուժին վերջի կաթիլը նաեւ քամեց, պառաւը

– Ռրդի՛, մի՛ ծալուիր, դու բան չես կ'երէր այսօր, երէկ այդ տղեկը լաւ կերաւ. կա՛ց հիմա… – ըսաւ եւ վազեց գնաց` ժամանակ չի թողնելով Զաւէնի, որ արգիլէ, եւ քանի մը վայրկենեն եկաւ դարձեալ ուտելիք ու գինի բերելով: Եւ երբ Զաւէն սկսաւ ուտել` պառաւն էլ սկսաւ հին պատմութիւններ ընել, որ Զաւէնի յիշատակներէն շատ բարձր կին: – Որդի, – կ'ըսէր, – դու այն օրերը գիտե՞ս, երբ Սուրէն պարսիկը ամէն Հայաստան կը կոխկռտէր, յետոյ երբ Վարդան Մամիկոնեան զայդ Սուրէն սպաննեց, յետոյ երբ պարսից թագաւորը եկաւ, յետոյ երբ մենք ամէնքս լեռները փախանք…

– Ես այդ յետօներուն յետինն անգամ չգիտեմ:

– Գիտե՞ս, հա՛… – կ'ըսէր պառաւը նորա բերնին շարժմունքը տեսնելով:

– Ո՛չ, ո՛չ, ամենեւին չգիտեմ:

– Բայց գիտե՞ս, որ Հոռոմի մեծ թագաւորն որ եկաւ` կաթոդիկոսը Լուսաւորիչն ուրացաւ (Զաւէն իմացաւ, որ Հերակլի եւ Եզրի համար կ'ըսէր` գլխով նշանացի ըրաւ թէ` այո՛), հա՛, աստուած ողորմի հօրդ հոգուն, ան տարի հոռոմը մէկ կողմեն, պարսիկը միւսեն այս մեր լեռն ու ձորը կոխեցին, տուն, տեղ չի մնաց, ամէն բան քանդուեցաւ. մենք երկու ամառ մէկ ձմեռ սարերուն գլուխն անցուցինք, ի՜նչ օրեր էին… հիմա ի՜նչ պիտի լինի: Այսօր էլ այդ հոռոմներն էին, որ եկան, սոթտած հաւ դարձեր էին, վրայ, գլուխ չի կար` անօթի ծարաւ…

– Այսօ՞ր, – հարցուց Զաւէն:

– Հա՛, մէկ-մէկ քիչ հաց տուի` ճամփեցի, ետքը մէկ ծերունին եկաւ երեսուն-քառասուն հոգուով, ուռած, փքուած, հագուած կապուած մարզ էր, քթեն ինկնողն հազար կտոր կը լինէր, կ'երէի, որ մեր գիւղին չի հաւնեցաւ` ելաւ գնաց Կ'աղզուանի ճամփան. երթա՜ ի բարին:

Զաւէն որ արդէն փորը կը շտացէր էր, եւ քունն աչքերուն վրայ սկսէր էր ծանրանալ, երբ լսեց թէ յոյնք, որ անշուշտ արաբաց մագիլներէն փախստականը հին, որ լեռները փրկութիւն գտած հիմա զանազան ճամփաներով կ'երթային Կարին, եւ եթէ զիրենք բազմաթիւ գտնէին ամէն անզգամութեան ձեռնհաս էին: Թուլութիւն մէկդի թողուց եւ շուտ մը պառաւին մնաս բարաքն ըսաւ, հեծաւ ձին ու Կ'աղզուան շտկուեցաւ արագութեամբ: Գիշերուան երկրորդ ժամուն հասաւ աւանը, որ բոլոր տակնուվրայ էր, եկեղեցուոյն դռան առջեւ քանի մը հոգի ժողովուած կը խոսէին թէ ինչ կարելի էր ընել յունաց պահանջմանց դէմ, երբ Զաւէն մութուն ձիուն գլուխը քաշեց, շուտ մը զինք ճանչելով իրեն մօտեցան, եւ դեռ ինք բերան չի բացած` սկսաւ գանգտիլ եւ վիճակը յայտնէի

– Հարիւր յիսուն, երկու հարիւրի չափ փախստական յոյն զինուորներ աւանը մտան, զօրավար մ՚էլ կար հետերնին. ցրուեցան ամէն տուն. մենք իրենց խեղճութեան ողորմեցանք, անհաւատին դէմ կռուէ կ'ուգան, ըսինք, խաչապաշտ են, ըսինք, պարտք եղած հիւրընկալութիւնն ըրինք, բայց գոհ չի կրցանք ընել, սկսան զգեստ յափշտակել, զէնք պահանջել, գինուոյ կարասներ պարպել եւ կանանց վրայ աչք ձգել… Մեծերնին իջաւ քու տունն, Զաւէն եղբայր, շատ կարելի է որ նա էլ իր աւազակներէն պակաս չի մնայ:

– Քալենք մեզի երթանք, այնաեղ կը տեսնենք եւ կը մտածենք:

Եւ Զաւէն ձիեն իջած այդ դրկիցներու հետ միատեղ շտկուեցաւ տուն: Դեռ տան դռանը չի հասած` կը լսուէին յունական անառակ երգեր ու ձայներ, որ Զաւէն բաւական կը հասկնար, եւ որ երգողները կտուրի տակ ընկողմանեալ յոյն զինուորներ էին. առանց սոցայ վրայ ուշադրութիւն դարձնելու Զաւէն ներս մտաւ: Նախ զինք դիմաւորողներն եղան իւր երեք որդիքը, որոնց ամենեն մեծը քսանհինգ տաբու երիտասարդ մ՚էր կ'որաւի եւ ծանրագլուխ. եւ հօր ու որդուոյ մէջ այս խօսակցութիւնն տեղի ունեցաւ կամաց ձայնով.

– Ի՞նչ տեսակ մարդ է, Ներսէս, այս յունաց մեծաւորը:

– Ի՞նչ. գիտնամ, հայր, իբր քառասուն տարու` քաղցրալեզու, քաղաքավար մարդ մը կ'երեւայ. ոչխար մը մորթել տուաւ այն ձեւով, որ իբրեւ թէ փողը պիտի վճարէ, մեծ կը խօսի` ինքզինքը այնպէս կը ցցնէ, իբր թէ կայսեր շատ ծանօթ մէկն է: Հարցուց թէ այս տունն ո՞ւմն է, հարցուց թէ Արփենին ո՞ւմ աղջիկն է, Վարդանաբերդի, Մամիկոնեանց իշխանուհուոյն, Գրիգոր իշխանին վրայ տեղեկութիւնք փնտրեց: Հրամայեց, որ իր զինուորներուն պէտք եղածը արուի, վճարմունքը խոստացաւ կայսերական գանձեն շուտով հասցնել:

– Պրոկոպիո՞ս է այդ մարդուն անունը, – հարցուց դաժանութեամբ Զաւէն:

– Ոչ, հայր, Թումայ է իր անունը:

– Մայրդ, աղջիկները ո՞ւր են:

– Ամէնքը ներսն են, չերեւցան օտարներուն:

– Հիմա քովը ո՞վ կայ:

– Տէրտէրը միայն մնաց, ուրիշ ամէնքը գնացին:

– Մտնենք ներս, բարեկամք, եւ տեսնուինք այս յունական բանակին կոտրտուքներուն հետ, – ըսաւ Զաւէն իր դրացիներուն:




ԳԼՈՒԽ Ե


Թումայ ընկողմանեալ էր վառարանին քով, եւ ուշադրութիւն անգամ չըրաւ մտնողաց, որ յարգանօք ողջունեցին. իր երկու զինուորները հոտին կանգնած– էին դռան քով: Կ'աղզուանի աւագերէցը նստած էր վարը փոքրկացած յոյն զօրավարին ներկայութեան: Զաւէն այս վիճակը տեսնելով` քահանան հրաւիրեց վառարանին քով անցնիլ նստիլ. եւ նկատելով նորա դանդաղութիւնը` օգնեց նաեւ թեւէն բռնելով եւ վեր վարելով, եւ նքն անցաւ քովը նստաւ: Բիւզանդացի յոյնը իւր դիրքին մէջ այս ամէն շարժմունք տեսաւ, եւ լաւ իմացաւ թէ իր արհամարհանաց փոխարէն պատասխանող մը անցաւ իւր առաջ, բայց չիմանալեն եկաւ:

Իսկ Զաւէն, որ բաւական յունարէն կը խոսէր, սկսաւ հանդարտ կերպով ժողովրդեան գանգատները, իւր զինուորներէն եղած անիրաւ պահանջները առաջ դնել, յոյս յայտնելով թէ «իրեն պէս բարձր զօրավար մը այնպիսի անկարգութեանց ներողամիտ չէր կրնար լինիլ»: Զաւէնի այս վերջին խօսքերը, ուր երգիծանքը շատ սուր եւ կծու էին, յոյնին բարկութիւնը այն աստիճանի գրգռեցին, որ շակուելով եւ նստելով` եւ խիստ ակնարկ ձգելով Զաւէնի հարցուց.

– Դու որ զինուորի կը նմանիս կերպարանքովդ, ո՞ւմ քով ծառայած ես մինչեւ հիմա:

– Իմ ըսած խօսքերս կ'երեւայ թէ չի կրցայ հասկցնէի ես աղաչանք մը ըրի, որ հրաման ընէք զինուորներուն անիրաւ պահանջներ չընելու. իսկ դուք ինձ կը հարցնէք թէ ո՞ւմ քով զինուորած եմ. այդ հարցմունքը ինձ զարմանք կ'ուտայ, ուստի ես էլ համարձակութիւն կառնում ձեզ հարցնելութէ ի՞նչ կը նշանակէ այդ հարցմունքը:

– Դու հասարակ շինական` կը համարձակիս ինձ` հոռոմ իշխանի հարցմո՞ւնք ընել:

– Ի՞նչ յանցանք կայ այդտեղ, մարդ չգիտցածը միշտ իրաւունք ունի հարցնել: Դուք ինձ կը հարցնէք թէ ո՞ւմ քով ծառայէր եմ, նոյնպէս ես էլ հասարակ շինական համարձակութիւն առի ձեզ հարցնել թէ ի՞նչ մտօք այդ հարցմունքը կ'ընէք. չար միտք եթէ ունենայի կրնայի հարցնել թէ դո՞ւք էիք արաբաց դէմ այդ մեծ յաղթութիւնը կարգադրողը թէ Պրոկոպիոս:

– Դեռ նախատե՞լ զիս կը համարձակիս, անա՛րգ շինական, – ըսաւ Թումայ եւ ելաւ սուրն առնելու:

– Հանդարտ տեղդ նստէ, հոռոմ իշխան, – ըսաւ Զաւէն ծանր եւ արհամարհոտ ձայնով եւ ամենափոքր շարժմունք նաեւ չընելով. – ես երբ հոռոմ իշխան կ'ըսեմ, պէտք է իմանաս թէ իմ մտքիս մէջ այդ քու անարգ շինականներեդ աւելի անարգ բան մը կ'իմանամ, քու այդ սուրեդ վախցող մարդ չի կայ այստեղ, ես գրաւի կ'ուգամ, որ այդ խեղճ սուրը պատեանեն անգամ ելած չէ տարիներէ ի վեր եւ ժանգոտած է: Իսկ եթէ այս խեղճ շինականի սուրը պատ եանեն ելնէ յանկարծ` Լուսաւորի՜չ վկայ, որ առանց քանի մը հոգի հանելու տեղը չի դառնար:

Այն անշարժութիւնն, այն հանդարտ ձայնը, այն արհամարհոտ կերպը, որ Զաւէնի վրայ նկատեց յոյն զօրավարը, բաւական եղան, որ կերպը փոխէ եւ ինքզինքը սանձէի ուստի կիրքը թողուց եւ արհամարհանաց ձեւ մը առնելով նստաւ:

– Հա՛, այդպէս խելօք նստինք եւ մարդու պէս տեսնուինք, դուք մեր հիւրն էք, մեր հայրենական սովորութիւնն է հիւրը պատուել, բայց հիւրը եթէ աւազակութիւն ընէ` դեռ այն ժամանակներում չհասանք բոլորովին, որ անպատիւ թողունք, ուստի հիմա քեզ կ'իմացնեմ բարեկամաբար, որ եթէ այս վայրկենես փոքրիկ բռնութիւն մը լինի աւանիս մէջ, բոլոր յոյները ջարդել կ'ուտամ, եւ որպէսզի մեղք ինձ չի համարուի` ահա քու առջեւդ կը հրամայեմ. – Տէր Հայր, – ըսաւ աւագերէցին, որ իւր քով նստած էր, – գնա շուտով եկեղեցին, ամէն տեղ իմաց տուր, որ զէն բերնին պատրաստ կենան, եւ առաջին անիրաւութեան եկեղեցիներն իմաց տան եւ եկեղեցուոյ մը կոչնակները զարնուած վայրկենեն ամէն ոք իրաւունք ունենա գտած յոյնը սպաննելոս Տէ՛, իմացա՛ր, գնա՛:

Քահանան թեւատարած ոտք ելաւ երթալու, երբ Թումայ, որ նստեր մտիկ կ'ընէր, ձայնը եւ կերպը փոխելով մէկեն քաղցրութեամբ ըսաւ քահանային.

– Դու, որ Քրիստոսի եւ աւետարանի աշակերտ ես կրնա՞ս այսպիսի անգութ պատուէր մը քարոզել:

– Աւազակներու պաշտպանութիւն ո՞ւր քարոզեց Քրիստոս, հոռոմ իշխան, – պատասխանեց Զաւէն: Ես, թագաւոր եալ քաղաքը` Կարին, Տրապզոն կախաղաններ տեսայ եւ աւազակներ կախուած, ձեր հոռոմի Քրիստոսը աւազակներու ներողութիւն չի քարոզէր եւ մեր հայոց Քրիստոսը կ'ուզէ՞ք որ քարոզէ: Հրաման տուր քու մարդոցդ, որ անիրաւութիւն չընեն, յափշտակութիւն չընեն, կանանց պատուոյն չի դպչին, այդ անառակ երգերը դադրեցնեն. եւ երբ դու հրաման տաս` մէկը չի հնազանդի եւ դու պատմես, այն ժամանակ կ'իմանամ թէ քու մարդիկդ զինուոր են եւ ոչ աւազակ. իսկ եթէ դու լուռ կենաս, գանգատանաց ականջդ խփէս, գողին գողակից կը չինիս եւ ինձ իրաւունք կ'ուտաս, որ քեզ եւ քոյոցդ ինչ չարիք կրնամ հասցնեմ, եւ ինձ սրբազան պարտք կը դառնա անիրաւութիւնը որ քեզմէ սկսաւ` քեզմով վերջացնեմ. բայց դու եթէ գիտնայիր քու գլխուդ հասած վտանգր` ինձ պէտք էր շնորհակալ լինէիր, որ ժամանակին եկայ հասայ. արդէն բոլոր աւանին բնակիչք պատրաստուած էին զձեզ ամէնքդ սուրէ անցնել, եւ կոտորածը հիմա այս վայրկենիս թերեւս սկսած էր, բարեբախտաբար ես եկայ եւ արգիլեցի:

Այս վերջի խօսքերը բոլորովփն կերպարանափոխ ըրին յոյն զօրավարը: Շուտ մի ելաւ հրամայեց իւր զինուորներուն, որ երթան բոլոր աւանը իմացնեն իւր կողմեն, որ ամենափոքր անկարգութիւն ընողը սուրէ անցնել պիտի տար, եւ թէ թոյլտւություն էր բնակչաց բռնութիւնը բռնութեամբ վանել եւ անզգամին անզգամութեամբ փոխարինել: Եւ դառնալով Զաւէնի, որ նորա խօսքերեն բառ մը, շարժմունք մը չի կորցնելով անշարժ նստած էր:

– Իրօք շատ շնորհակալ եմ, – ըսաւ, – որ դու խոհեմութեամբ վարուեցար այս նիւթիս մէջ եւ արիւնահեղութեանց պատճառն արգիլեցիր. ես չէի կրնար հաւատալ թէ մեր զինուորները այն աստիճանի անիրաւութիւն ընեն, որ բնակչաց այսչափ զայրոյթ պատճառեն. եւ շիտակն ըսելով ձեզմէ առաջ ոչ ոք գանգատ մը չէր ըրած: Ուստի շատ գոհ եմ ձեզմէ: – Այո խօսքերը` բիւզանդական կերպարանքին վրայ դիմակ ծածկելով ըսելէ վերջ` ձեռքը Զաւէնի երկնցուց, որ այս շարժմունքը գուշակելով` իբր թէ այդ վատ ձեռքը չտեսնելով` դարձաւ իր դրացեաց եւ ըսաւ.

– Գնացէք դուք էլ, եղբարք, հան դարտեցուցէք երիտասարդները, որ չելլեն տարիքի կրակով բան մը հանեն. լսեցիք ահա իշխանին խօսքերը եւ պատուերները, դուք էլ ամէն փողոցի զլուխ զինեալ պահապաններ դրէք, որ արգիլեն անկարգութիւն` ուսկից որ գայ. երթա՛ք բարով:

Մարդիկը գոհ սրտով ողջունեցին եւ ելան գնացին: Նոյնպէս Զաւէն աչն ատեն ելաւ եւ ձեռքը կուրծքին վրայ գնելով, ողջունեց յոյն իշխանը եւ քաշուեցաւ իւր ներքին սենեակը` ուր ընտանիքը ժողովուած կը նստէին. երախայք արդէն քնացած էին: Հոն իր երեք տղոց ապսպրեց, որ կարգաւ գիշերը պահպանութիւն ընեն եւ դիտեն յունաց ամէն շարժմունքը. ինք հեծաւ իւր ձին աւանին ամէն կողմը պտոյտ մ՚ընելեն` թաղապետները տեսնելեն եւ զգոյշ կենալու խորհուրդ տալէ վերջ` դարձաւ տուն հանգչելու համար այն երկար աւուր քաշած մտաւոր ու մարմնաւոր աշխատանքեն:

Առաւօտեան կոչնակին ձայնին ելաւ Զաւէն երթալու եկեղեցի: Յունաց համար` որ աւազակութիւնը թողած հիւր էին հիմա` նախաճաշ պատրաստեցին կանայք: Մատղաշ տղայք անկասկած իրենց խաղալուն զբաղած էին: Արփենի, որ քսանչորս ժամուան միջոցին մէջ ամէնուն հետ բարեկամ եղած` էր, երբ Զաւէնն տեսաւ եկեղեցիէ դարձած, դիմեց իրեն հարցնելու թէ` «Մայրիկը բերի՞ր», իսկ Զաւէն, որ որոշած էր սիրակայսնելուտղայն Կամսարականաց ամրոցը, «Ես քեզ մայրիկին պիտի տանիմ, սիրուն Արփենիս» ըսաւ, եւ նա այն գաղափարով մխիթարուած` ներս, դուրս, պարտէզը, փողոցը կը շրջագայէր. երբեմն մտնելով սենեակը, ուր յոյն իշխանը եւ Զաւէն նստած էին: Ամէն բան յայտնի կ'ընէր հոռոմին, որ այդ տղայն բացի դիմաց գեղեցկութենեն` թէ իր զարդերուն եւ բեհեզեայ զգեստներուն, թէ իր մորթի ճերմկութեան, թէ ոտքերուն ձեռքերուն մանրութեան, թէ իր համարձակութեան համար տարբերութիւն մը ունէր ուրիշ տեսած տղոցմեն: Ազնուականութեան կնիքը ճակտին վրայ դրոշմուած էր, եւ որ իրեն աւելի հաճելի էր, յունարէն նաեւ եւ կը խոսէր, վասնզի նախարարական տուներ ինչպէս երբեմն պարսկերէն` նոյնպէս յունարէն խօսելու սովորութիւն մտած էր ժամանակներէ ի վեր եւ շատ պալատներու մէջ յոյն ուսուցիչներ եւ դայակներ կը գտնուէին: Զանազան խօսակցութիւններէ իմացաւ նաեւ թէ որբ աղջիկ մ՚է, ուստի անզգամ խորհուրդ մը յղացաւ մտքին մէջ, եւ երբ բոլոր աւանը զբաղած` ամէն ոք կէս աւազակ, կէս զինուոր յունաց վրայ ուշադրութիւն կը դարձնէր, յոյն իշխանը Արփենիի հետ կզբօսնուր, կը խոսէր, կատակներ կ'ընէր եւ յանկարծ երբ մէկ միջոց մը մենակ էր իր երկու սպասաւորաց հետ, տղան պառկեցուցին. բերանը թաշկինակ մը խցկեց` լաւ մի փաթաթեց, որ չի կարէնայ շարժիլ եւ պարկի մը մէջ դնելով` իրեն ուրիշ կարասեաց պէս իւր ծառայից մէկուն շալակը տուաւ եւ ինք ձի հեծնելով արտորնօք, բիւզանդական ծիծաղով Զաւէնն ու կաղզուանցիք ողջունեց եւ Բասեան գաւառի ճամփան ինկաւ: Երբ աւանեն դուրս ելաւ, հինգ-վեց ձիաւոր իւր սպասաւորներէն հետը, քանի մը վայրկեան սաստիկ արշաւանքով հեռացաւ իւր փախստական գունդեն. ան ատեն հանեցին խեղճ տղեկը իւր սոսկալի պարկեն, տեսան, որ մօտ էր խեղդուելու, հանեցին բերնի խցիկը, եւ թէպէտ մարած եւ ինքզինքեն ելած` բայց իշխանը առաւ նժոյգին վրայ, կը քշէր կատաղութեամբ, երբ գիւղ կը հասնէր` իւր լայն վերարկուին տակ ծածկած խեղճ որբը կ'անցնէր արագութեամբ, որպէսզի այս սոսկալի գողութեան հետք մը չի ձգէ: Վերջապէս ամայի տեղ մը ջուրի մը քով իջաւ ձիեն, տղուն քիչ մը ջուր տուաւ խմելու, արիւնոտ բերանը լուաց. գոյն չէր մնացել սիրուն տղեկին երեսը, աչքերը մարած էին բոլորովին, գլուխը չէր կրնար բռնել. հարցուց թէ բան ուտել կուզե՞ր. երբ պատասխան չառաւ, հեծաւ ձիուն վրայ, աւաւ տղեկը թիկնապահաց մէկուն, որ բարեբախտաբար աւելի բնական գթած սիրտ ունենալով ինչչափ կարելի էր ջանաց քիչ չարչրկել, մինչեւ հասան Կարին. հոն ամիս մը հիւանդ պառկելէ վերջ, հազիւ թէ առողջացաւ, եւ գարնան արեւն իր աչաց կենդանութիւն բերաւ:

Բայց այս միջոցիս ի՞նչ ըրաւ Զաւէն. երբ տեսաւ թէ Արփենին չի կայ. բոլոր Կ'աղզուան վեր-վար ըրաւ, ամէն ծակ, ամէն խոռոչ խոյզ եւ խնդիր եղաւ եւ երբ ամէն յոյս կտրուեցաւ` խեղճ զինուորը ձեռքը ծնօտին դրած յուսահատութեան արցունք կը թափէր, կը հարցնէր Երասխայ ալիքներուն, կը հարցնէր երկնքի թռչուններուն, ամէնքն անտարբեր` պատասխան չէին տար: Վերջապէս յուսահատ կ'երթար եկեղեցի ժամերով կ'աղօթէր եւ տխուր տուն կը դառնար: Շաբաթն անգամ մը, կը հեծնէր ձին, կ'երթար լճին քով կը նստեր` անթարթափ կը նայէր կղզին եւ կը դառնար, իսկ երբ լիճը կատարեալ սառեցաւ` իւր Տիկնոջ գերեզմանին վրայ արտասուք կը թափէր եւ կը դառնար: Օր մը, որ մեծ պահոց երկրորդ կիրակին էր, ելաւ դուրս, մտածութիւն մը զինք բոլորովին գրաւէր էր. հազիւ ճաշն ըրաւ` ձին ուզեց եւ գնաց այն ճգնաւորաց մենարանը, որոց դիմէր էր իւր վիրաւորը դարմանելու եւ մեռելները թաղելու համար: Առաւ նոցայ վանահայրը, հեծուց իւր ձիուն վրայ եւ իջեցուց լճին քով. սառած ջուրին վրայեն քայլելով բերաւ Բիւրեղի գերեզմանին վրայ, հանգստեան կարգ մը կատարել տալեն վերջ` խնդրեց, որ Աւետարանը գերեզմանին սառած հողին վրայ դնէ եւ բանայ, Վանահայրը միամտաբար բացաւ, Զաւէն մատը դրաւ` «Կարդա՛յ, Հայր Սուրբ, սա խօսքը», – զրուցեց. «Խնդրեսջիք եւ տացի ձեզ, հայցեցէք եւ գաջիք, բախեցէք եւ բացցի ձեզ. զի ամենայն որ խնդրէ` առնու եւ որ հայցէ` գտանէ եւ որ բախէ` բացցի նմա: (Ղուկաս գլ. ժայ. 9)», – կարդաց քահանան: Զաւէն ձեռքերը երկինք տարածեց` «Փա՜ռք քեզ, աւստուած իմ», – աղաղակեց: Այն րոպէին կարծես ծերը երիտասարղացաւ, իր աչաց կորովն եկաւ, եւ երբ տուն դարձաւ, ամէնքը փոփոխութիւնը տեսան եւ զարմացան. առջի մարդն էր իւր կնոջ համար, առջի հայրիկն էր իւր զաւկներուն, առջի Զաւէն եղբայրն էր իւր դրկիցներուն եւ բարեկամաց համար: Զատիկը կատարեց ուրախ, զուարթ իւր ընտանեաց եւ ազդականաց հետ, եւ չորեքշաբթի առաւօտուն հասարակ մշակի զգեստներ հագած, մախաղ մը, վերարկու մը, երկսայրի կարճ սուր մը գօտիին մէջ ծածկած, տրեխներ ոտքը եւ գաւազան ի ձեռին, ժողովեց կինը եւ զաւկները, խրատեց զամենքը, ապսպրեց մորերնուն միշտ հնազանդ լինիլ, րենց մեծ եղբայրը յարգել եւ մեծարել, զնայ էլ յորդորեց ամէնուն հետ քաղցրութեամբ եւ սիրով վարուիլ, օրհնեց զամենքը, համբուրեց մէկիկեւմէկիկ եւ ելաւ երթալ իւր կորուստը փնտրելու:

Մենք թողունք Զաւէն Կարնոյ ճամփուն վրայ, եւ երթանք փնտրել Գրիգոր ու Սուրէն, որոց դիակունք չի գտնելով նա` յոյս ըրած էր թէ օր մը երբ իշխանիկը դառնար, Արփենին գոնէ իրեն պիտի ներկայացնէր, միայնակ եւ սիրասուն նշխար Մամիկոնեան հայրենի ճոխութեան եւ հրեշտականման մօր եւ քրոջ:

Վիրաւորը մեզ պատմեց թէ ինչպէ՞ս Սուրէնի եւ Գրիգորի ձիաւոր խումբը Վարդանաբերդի հրդեհը տեսնելով դիմէր էին հոն նահանջի ճանապարհ միշտ իրենց յուսալով, եւ թէ ինչպէս թշնամուոյն բազմաթիւ հեծելոց խումբր վրայ հասնելով` շրջապատեալ յամենուստ սկսած էին պատերազմիդ Սուրէն քանի մը հողի կ'որսնցնելեն վերջ իր խումբեն` տեսնելով անխուսափելի վտանգը փոքրիկ բլուրի մը վրայ քաշուեցաւ իրեններով, այդ բլուրը Վարդանաբերդի գերեզմանատունն էր, քիչ հեռաւորութեամբ:

Այդ զերեզմանոցին մէջ` մահարձանները պատնէշ առած` յուսահատ կռուով իրենց կեանքը թանկ ծա խել որոշեցին հայ փոքրիկ խումբը. Սուրէնի հզօր ձայնը` «Տղա՛ք, մեռնի՜նք, բայց մեռցնենք եւ այնպէս մեռէինք քաջութեամբ», կ'որոտար ամէնուն ականջին. այդ քառասուն-յիսուն հոգին շրջապատ եալ հազարներէ, այնպիսի դիմադրութիւն ըրին եւ այնպիսի կատաղութեամբ կռուեցտն երկու ժամ, իրենց աղեղներէն ելած նետերը, իրենց պարսատիկներէն ելած քարերը այնպէս կը հարուածէին հեռուեն, եւ յարձակումներու դէմ իրենց վաղակաւորներն ու մուրճերը այնպիսի հարուածներ տուին թշնամուոյն մօտեն, որ Շէյխ Ալի այդ քաջութեան վրայ հիացած ղադրեցուց յարձակմունքը եւ պատգամաւոր մը յուղարկեց յայտնելով թէ` «Ինք պատրաստ էր իրենց կեանքը շնորհել եթէ անձնատուր լինին»: Եւ կէս ժամ միջոց կ'ուտար մտածելու: Սուրէն դաշնադրութեան մտնելու յանձնառու եղաւ. բայց արաբը պայման մը միայն ունէր. «կեանք միայն շնորհել». երբ Սուրէն զիջանիլ յանձն առաւ, իրեն դէմ անկարծելի դժուարութիւն մը ելաւ: Գրիգոր որ առիւծի պէս եւ իւր հասակեն վեր պատերազմէր էր, «մեռնի՜նք» բառեն զատ բերնեն ուրիշ խօսք չէր հանէր, այդ հայրենի պալատան բոցն ու ծուխը զինք համոզած էին թէ իր մայրը եւ քոյրերը մեռած էին, ուստի «մեռնի՛նք, մեռնի՛նք» կը կրկներ: Սուրէնի բոլոր ազդեցութիւնը անօգուտ պիտի լինէր` եթէ ամէն պատերազմողք վերջապէս յանձն չառնուեն գերութիւնը կենաց հետ փոխանակել: Ուստի պատանին երբ մինակ մնաց եւ ամէնքը զէնքերը թողին, ինք այն րոպէին ինկաւ գերեզմանի մը վրայ, եւ արտասուաց հեղեղ մը սկսաւ իջեցնել. բոլոր Սուրէնի յորդորներուն եւ ապագային համար տուած յոյսերուն պատասխան անգամ չի տուաւ: Մամիկոնեանց սերունդը է՛լ անզգայ եղաւ շղթայներու, ինչպէս անզգայ էր իւր քեռուոյն ձայնին, որ քաղցրութեամբ «Որդեակ Գրիգոր, այս օրերս էլ կանցնին, դժբախտութիւնը ինչչափ որ սոսկալի լինի մշտնջենաւոր չի կրնար լինիլ», – կ'ըսէր:

Բայց պէտք էր կ'ամա-ակամայ անողոք բախտին հնազանդիլ, մանաւանդ որ կը տեսնէր Սուրէն, այդ մարդը, որուն վրայ երբեք կեանքին մէջ շողոքորթութիւն, փոքրկութիւն, վատութիւն չէր նշմարած, լռութեամբ եւ անմռունչ կը տանէր նախատանաց, հայհոյութեանց եւ հարուածոց: Այդ աննկուն Կամսարականը, որ անտարբեր էր իր անձին համար յամենայնի, միայն այն խնդրէր էր Շէյխեն, որ զինք այդ պատանուոյն չի բաժնէ, եւ արաբը խոստացաւ եւ խոստմունքին վրայ կեցաւ: Բոլոր այդ դաժանելի ուղեւորութեան մէջ, ծանրաբեռն եալ շղթայուք, շատ անգամ հետի, դատապարտեալ եղանակաց խստութեան, անօթութեան եւ ծարաւի, ինքզինք զրկելով հացին պատառեն, ջուրին կաթիլեն, ծնողական խնամքով հազիւ կրցաւ ողջ հասցնել զգրիզօր Կ'ոգովտի գաւառներէն Դամասկոսի շրջակայքը, ուր էր Շէյխ Ալիի բնակութեան վայրը:

Հոն` այդ գերութեան շղթայներուն մէջ թողլով այս մեր երկու նախարարազունքը, դառնանք Հայաստան, որուն մասամբ ոտնակոխ եւ եղերական վիճակը յայտնի եղաւ բաւական մեր մինչեւ հիմա տուած նկարագրեն: Տեսանք թէ ինչպէս երջանիկ տուներ բարձր եւ խոնարհ, ինկան` կ'ործանեցան եւ հիմնահատակ եղան դժոխային արշաւանքի մը սաստկութեան առաջ: Տեսանք նաեւ թէ այն Յունական կայսրութիւնը, որ երկրին տէր ինքզինք կը համարէր` ինչպէս պաշտպանեց երկիրը, – տեսնենք հիմա թէ նոքա, որոնց պարտքն էր իրենց անձանց եւ ազդին վրայ հսկել, ինչպէ՛ս իրենց պարտաւորութիւնը կատարեցին:




ԳԼՈՒԽ Զ


Հայաստան բաժնուած երկու մեծ ինքնակալութեանց` Բիւզանդական կայսրութեան եւ պարսից Սասանեան պետութեան մէջ, հարկատու երկուքին, ոտնակոխ երկուքեն` աննկարագրելի ալեկոծութեան մէջ կը ծփար շարունակ: Այս երկու մեծ տէրութիւնք միեւնոյն հիւանդութեամբ վարակեալ` արտաքուստ զօրութեան փայլ մը ունէին, բայց ներքուստ երկուքն էլ հաւասար փտած եւ որդնոտած կործանման վիճակի մէջ էին:

Կոստանդնուպոլիս` ոսկեղէն գահույից վրայ նստող հռոմայեցուոց ինքնակալ կայսրը, որոմն բազկատարած պաղատանոք կը դիմէին մեր նախահարք, երբ Հազկերտ արքայից արքան քրիստոնէութիւնը բնաջինջ վերցնել կը սպառնար Հայաստանեն, այդ «Երանելին Թէոդորոս կայսրը, որ խաղաղասէր էր ի Քրիստոս» եւ անարգ հարկատու հոն Ատտիղասայ` այն Ատտիղասայ, որ Մեծին Վարդանայ բազկին զօրութեան առջեւ ընկրկէր էր ի Դարբանդ, Հազկերտի աչաց առջեւ, նոյն Ատտիղասայ, որ հռոմէական ինքնակալութիւնը կը դողացնէր արեւելք եւ արեւմուտք, եւ որ այդ Երանելի Թէոդոս չյաջողելով թունաւորել ուր գթութիւնը կը գներ եւ ամէն արժանաւոր նախատինքներ կը կլանէր: Եւ այդ կայսերութեան օրերը բարեբախտ ու երջանիկ էին արդի վիճակին հետ բաղդատելով. վասնզի հիմա երկու հարիւր տարի ժամանակ անցնելով ապականութիւնը իւր յետին աստիճանները գտեր էր. կրօնամոլութիւն եւ անբարոյականութիւն, գոռոզութիւն եւ անարգութիւն, մեղկութիւն եւ անգթութիւն, շռայլութիւն եւ ագահութիւն, յանդգնութիւն եւ վատութիւն, անխղճութիւն եւ խղճահարութիւն, միշտ մոլութիւնք, միշտ ծայրեր զարմանալի հակակշիռք կազմելով, բուն ճշմարիտ առաքինութիւն ոչ ուրեք, ոչ բանի մը մէջ կ'երեւար:

Թէոդոս Մեծեն վերջ այդ կայսերական գահույից վրայ իզուր բարձր մարդ կը փնտրէ ոք եւ դժուար թէ առանց աններելի պակասութեանց մէկը կարէնայ գտնել: Ամենեն հռչակաւորն Յուստինիանոս` օրէնսդիր, մեծագործ, յաղթող շնորհիւդ երկու քաջ զօրավարաց, ամենախոնարհ ծառայ է իւր կնոջ Թէոդորայի, որուն ամէն քմահաճույից եւ անիրաւութեանց գործիք կը դառնա ամէն րոպէ: Դիւցազնական քաջութիւնը նաեւ կերպարանափոխ եղած կը զարմացնէ զմարդ, երբ կը տեսնէ Բելիսար սարսափ թշնամեաց բանակներու, նեցուկ պետութեան յաղթութեամբ դարձած դափնիներով, իւր տան եւ կնոջ խայտառակութիւնքը պատմել խորհելու վայրկենին, կայսրուհուոյն մէկ նամակեն սոսկացեալ` իւր մեղաւոր կնոջ առջեւ տարածեալ ոտքերը կը պագնէ, մշտնջենաւոր եւ հաւատարիմ ծառայ զինք կը դաւանի. եւ «կնոջը եւ կայսեր ամենախոնարհ ծառան ասպարիզին վրայ վեհ դիւցազուն կը դառնա», թագաւորութեանց կը տիրէ, եւ նուիրեալ արքայական պսակը կը մերժէ, եւ յաղթանակի հանդիսին կը տեսնուի հետեւակ իր գերի բռնած թագաւորներոմէ առջեւեն` երկրպագելով Թէոդորայի եւ Յուստինիանոսի գահույից:

Վերջը քանի որ մեր պատմութեան ժամանակին կը մօտենանք, կը տեսնենք, որ կայսերական գահույից վրայ բարձրացեալ մարդիկ աւելի կը պղտիկնան, եւ մեծ կարծուածները խառնուրդ մը ունին առաքինութեանց եւ մոլութեանց. ի բաց թողեալ Մօրիկ հռոմայեցի կամ Հայկազն (որու ծագումն նշանակութիւն պէտք չէ ունենա հայու համար), որ աւելի ազնիւ սիրտ ցցուց մեռնելու վայրկենին քան թէ գահույից վրայ. կը տեսնենք եւ Հերակլ` դիւցազն թագաւորութեան սկիզբը եւ վատթար վերջերը: Այն մարդը իր մեծամեծ յաղթութեամբ պարսից դէմ, այն տկարութեան հասցուց բերաւ այդ երկու թագաւորութիւնքը, որ արաբաց հարուածներուն չկրցան դիմանալ եւ ընկճեցան կամ տապալեցան:

Ի՜նչ Յարկ խօսելու Յոյն կայսրութեան ժողովբդոց վրայ, որոնց մայրաքաղաքի ապականութիւնը սովորութեանց եւ բարուց, զեխութեանց եւ թշուառութեանց, վատութեանց եւ անզգամութեանց անցան զանցան Հռոմայ քաղաքացուոց վերջին օրերը, մանաւանդ որ սոքա աւելցուցին ամէն մոլութեանց վրայ կրօնամոլութիւն մը` ուր կայսրեն սկսեալ յետին ձկնորսը ինքզինք աստուածաբան կը կարծէր, կրկէսները կրօնական վիճաբանութեամբ կը սկսէին եւ արիւնահեղ կռիւներով կը վերջանային, եւ անիմանալի հաւատս խորհուրդները թեթեւամիտ եւ կիսուսումն մարդկանց խորհրդածութեանց նիւթ էին: Այդ մեծատարած կայսրութեան մայրաքաղաքին մէջ Սուրբ աստուած երգելու խնդիր մը աւելի կարեւորութիւն ունէր քան թէ բոլոր Ափրիկէի կորուստը. թշնամին` հոն, պարսից, աւար, պուլկար, արաբ, աշխարհքի ծայրերէն կը հագնէր, հուր, սուր, կոտորած եւ աւերմունք կը բերէր շուրջանակի, Կոստանդնուպոլսոյ պարիսպները կը ծեծեր եւ ներսը քաղաքացին կրօնական վիճաբանութիւնքը նախամեծար կը համարէր, եւ երկրորդական առ դուրս հասեալ վտանգը: Եթէ յաղթուէր անհոգութեան եւ վատութեան չէր յանցանքը` այլ աստուածային բարկութեան պատուհասն էր. եթէ Յաղթէր, Աստուածամօր շնորհքն էր: Այս կրօնական զբաղմունք ամէն օր նոր հերետիկոսութիւնք կը ծնանէին եւ նոր վէճեր:

Նոյն ոգին` ուրիշ ձեւով կը վարէր Պարսից պետութիւնը. յաղթող արքայից արքան` արեւուն եւ կրակին կ'ուտար յաղթութեան փառքը. Հպատակ այլակրօն ժողովուրդք խիստ հալածանաց կ'ենթարկուէին ժամանակ-ժամանակ. եւ ի բաց առեալ քանի մը մեծ մարդիկ, վատթար եւ բռնաւոր կառավարութիւն մը կը տիրէր ամէնուրեք, արդարութեան գաղափարը սահմանափակ էր նաեւ այդ Մեծ Խոսրովի մտքին մէջ, որ Նուշիրվան կ'անուանուէր եւ որ Սասանեանց փառքն եղած էր իւր քաջութեամբք եւ յաղթութեամբք, երկարամեայ թագաւորութեամբ, եւ ինքզինք արդար կը սիրէր անուանել եւ որ մահուան անկողնին մէջ իր ժառանգին բարի խրատներ կ'ուտար. «Արդարադատ եղիր, սանձահարէ անիրաւները, մխիթարէ թշուառները, սիրէ երիտասարդները, պաշտպանէ գիտութիւնը, հետեւէ ծերոց խորհուրդներուն, մի՛ թողուր կառավարութիւնը երիտասարղաց եւ քու ժողովրդոցդ երջանկութիւնը քու նպատակդ լինի: Ընդարձակ թագաւորութիւն մը կը թողում քեզ, եթէ իմ խրատներս լսես` կը պահես զայն, եթէ արհամարհես` կը կորսնցնես»: Այս խօսքերը զրուցելեն վերջ, եօթանասուն տարի նաեւ չի քշեց, իւր յաջորդներէն եւ ոչ մէկը իր բնական մահուամբ չի մեռաւ, եւ այդ թագաւորութիւնր, որ Միջերկրականէ մինչեւ Հնդկաստան, Չինաց սահմաններէն մինչեւ Արաբիայ ամէնքը կը սարսեցնէր քանի մը տարի առաջ, յանկարծ անհետացաւ կատաղի աղանդաւորաց հրոսակներու առջեւ, որոնք ոչ անուն եւ ոչ կրօնք ունէին նոյնպէս քանի մը տարի առաջ:

Այսչափ երկայն չէինք խոսէր այս երկու մեծ ինքնակալութեանց վրայ, եթէ Արշակունեաց թագաւորութեան ժամանակեն սկսեալ Հայաստան սոցայ երկուքին հպատակ, հարկատու եւ պատերազմի դաշտ եղած չլինէր անընդհատ:

Հայոց ազգը երեքի կը բաժնուէր իրօք` որոց երկուքը ամէն բան էին, իսկ երրորդը նշանակութիւն չունէր: Եկեղեցական մարմինը, որուն գլուխը կաթողիկոսն էր, եւ զօր նախարարներն եւ եպիսկոպոսները կ'ընտրէին. ոմներ իւր արտօնութիւնները, վասնզի ինքն էր օրէնքները շինող: Իրեն հետ կ'ուգար Նախարարական մարմինը եւ Ազատաց խումբը, որ երկրին տէրերն էին: Հրամայել, իշխել, պատերազմել էր իրենց գործը: Նախնի սովորութիւնները եւ արտօնութիւնքը կը պահպանուէին դարձեալ իրենց համար, քաջութիւնը ժառանգական էր այդ ընտանեաց մէջ, իրենցկարգը եւ գահոյքը յարգուած էին նաեւ յունաց ինքնակալներէ եւ Սասանեանց թագաւորներէ, յարկ կ'առնէին եկեղեցականաց պէս եւ չէին վճարէր, մարմնաւոր պատիժ գանահարութիւն չի կար իրենց համար, ինչպէս վանքեր, նոյնպէս իրենց ոստանները, ամրոցները, բերդերը, դղեակները ամուր դիրքերու վրայ եւ պարսպապատ շինուած բաւական ապահովեալ էին թշնամեաց եւ ասպատակաց յարձակմունքներէն: Կրօնասէր սովորաբար` իրենց պալատներէն աւելի վանքերու եւ եկեղեցիներու շինութեանց եւ կալուածոց կ'ուտային իրենց գանձերը: Պարսկական եւ յունական սովորութիւնք, զեխութիւնք եւ անառակութիւնք բնականաբար դիւրաւ մուտ կը գտնէին իրենց մէջ: Ինչպէս բնական է ազնուատոհմութեանց ամէն տեղ արհամարհ աչօք նայիլ հասարակ ժողովրդեան վրայ եւ հարստահարել, նոյնը սովորաբար կ'ընէին հայոց նախարարք եւ ազատք: Վասնզի այդ երրորդ մասը` ժողովուրդը, որուն մէկ իրաւունքը չյիշուիր մէկ տեղ մը, չի կար հաստատութիւն մը, որուն վրայ ինք յենուէր, չի կար կազմակերպեալ օրէնք մը, որ զինք պաշտպանէր. եթէ լիսեր եւս` ե՞րբ օրէնքը առանց զօրութեան կրցեր է մէկուն պաշտպանութիւն լինիլ. օրէնքներն ուժ ունենալու համար միշտ կազմակերպեալ մարմնոյ մը պէտք ունէին, եւ օրէնքներն արդար գործադրութեամբ միայն կրնան ժողովրդոց սիրելի լինել եւ իրենց սրտին մէջ տպաւորուիլ` սովորութիւն դառնալ: Հայաստանի օրէնսգիրքը բացի հոգեւոր գրեանքէ ուրիշ օրինաց տեղեկութիւն չունէին. Յուստինիանոսի օրէնքները գրեթէ վեց հարիւր տարի վերջ հայերէն թարգմատնութիւն ունեցան. ի՞նչ ուրեմն կը կառավարէր այս ժողովուրդը – սովորութիւնք եւ խղճմտանք: Վաղարշակայ օրէնքները իւր արքունեաց պերճութեան եւ նախարարաց գահույից համար կարգադրութիւնք էին, եւ քրիստոնէական կրօնքին հետ հրէութիւնը այնչափ ազնուացեր էր, որ Բագրատունիք, Ամատունիք, Գնթունիք հրէական ցեղերէ իջած կը համարուէին, որ շատ կարելի է թէ սխալ մը լինէր. Արծրունիք, Մամիկոնեանք, Կ'ամսարականք օտարազգիք էին: Եւ այս նախարարները հայ ազզին տեարքն էին իրենք ազատ եւ ժողովուրդն անազատ. նոյն յանցանքին համար կանոնագիրքն կը հրամայէր, որ քահանան եւ ազատը 100 դրամ տուժէ, իսկ անազատը 50 տուժէ` շատ մը ծեծ ուտէ, վասնզի ազատին մարմնական պատիժ արգիլուած էր, ուստի՞ց, – հաւանական թէ ի սովորութեանց:

Կային ժամանակներ ուր նախարարութեան ձեռքը այն աստիճան կը ծանրանար ժողովրդեան վրայ ոսկուոյ եւ արծաթի հարկապահանջներ դնելով, որ հեղինակ մը նմանցնէ այդ խեղճ շինականը այսինքն ժողովուրդը` «Մարդու, որ կրնկնի ի ծով եւ հնարք չի գտնէր ելնելու» եւ «Հիւանդի, որ ցաւէն տագնապեալ խօսելու նաեւ կարողութիւն չունի»:

Ո՛վ որ լաւ դիտէ եւ ուսնի եւ դիանայ խորհրդածել պատմութիւնը, կը տեսնէ թէ աշխարհագրական դիրքն էր պատճառ ինչպէս ոմանք կարծեցին նոր ժամանակներս, որ հայ ազգը կը տկարացնէր թշնամեաց դէմ` կը բաժնէր եւ անմիաբան կ'ընէր, այլ այդ նախարարական իշխանութիւնը, որ մեծ եւ պզտի բռնաւորյււթեանց բաժնելով երկիրը, կեդրոնական իշխանութիւնը կը տկարացնէր, եւ այդ բռնաւորները գործիք կ'ընէր օտարին բանսարկութեանց եւ միջամտութեանց. ինչպեւս հին ժամանակներէ ի վեր սխալ կարծիք մը կը տիրէ թէ հայք անմիաբան են, իբրեւ թէ անմիաբանութիւնը բնածին պակասութիւն մը լինէր հայուն քով: Եթէ հայք միաբանեցան 300 թուականին, կրցան ընդունիլ միաբանութեամբ քրիստոնէութիւնը, եթէ իրենց օրինակին եւ ազդեցութեան հետեւեցան Վիրք եւ Աղուանք գրեթէ նոյն ժամանակին, եթէ հայ լեզուն կրօնից պէս կրցեր էր անցնիլ այդ սահմաններէն եւ Կուր գետի եզերքներէն մինչեւ Կորդուաց լեռները տարածուիլ, ինչո՞ւ չտեսնենք թէ միմիայն պատճառ` քաղաքագիտութեան պակասութիւնն էր Արշակունի թագաւորաց քով, որ Հայաստան անիշխանութեան կը մատներ: Եթէ Տրդատ նախարարաց դէմ նոյն հանճարն ու զօրութիւնը ի գործ դնէր` ինչ որ դրաւ` պարսիկը եւ կռապաշտութիւնը վարելու համար Հայաստանէ, Արշակունեաց աթոռը իւր մեռած վայրկենեն չէր սասանէր ի հիմանց եւ Խոսրով իւր որդին չէր կարօտէր յունաց ամբարտաւան օգնականութեան իւր հօրն աթոռը բարձրանալու համար: Ի՞նչ կարօտութիւն ունէր Աղկունեաց դաւաճան Նահապետը եւ նախարարութիւնը ջնջելէ վերջ` տեղը նոյն արտօնութեամբդ Մամիկոնեանք հաստատելու: Բայց նախարարութիւնը երբ հանդարտ էր, թադաւորներու համար ծուլութեան դիւրութիւն կ'ուտար երկրի կառավարութեան մասին, միայն թէ թագաւորները զօրաւոր լինէին: Մենք կը հասկանանք թէ այդպիսի ՚ի գարուց խորարմատ նախարարութիւնը հիմնահատակ ընել դիւրին չէր. բայց նոյնպէս դիւրին չէր հազարաւոր տարիներով արմատացեալ կռապաշտութիւնը ջնջել, եւ այդ կրցաւ ընել Տրդատայ կորովի բազուկը: Ինք պէտք էր ընել եւ այդ, եւ ոչ իւր անպիտան յաջորդներէն Արշակայ թողուլ, որ մոլութեանց եւ յիմարութեանց անճոռնի խառնուրդ մ՚էր եւ քան զամենքը վատթարադոյն, եւ որ բնական էր թէ չի յաջողէր այդպիսի մեծ ձեռնարկութեան: Եւ հետեւանքն այն եղաւ, որ այս երկու թշնամեաց թագաւորութեան եւ նախարարութեան պատերազմին մէջ, առաջինն անհետացաւ եւ երկրորդը խաղալիք լինելով օտարին պարսկին եւ հոռոմին, երբեք չի մտածեց անկախութեան փորձ մը փորձել թէպէտ շատ յարմար վայրկեաններ ներկայացան: Այլ իր քաջութիւնը կը վատնէր օտարին ծառայութեան մէջ, Սասանեանը բանակներուն հետ կ'երթար մինչեւ Թրքաստան հոնաց եւ հեփթաղաց հետ կը պատերազմէր, բիւզանդական բանակներուն հետ կ'երթար մինչեւ Ափրիկէ եւ Իտալիայ եւ Դանուբի ափանց վրայ վանդալաց եւ գոթաց եւ բուլկարաց եւ սարմատացուոց հետ պատերազմելու համար:

Բայց անկարելի է ուրանալ, որ նախարարութիւնը դիւցազնական վայրկեաններ ունեցաւ. Հազկերտի պէս մեծ եւ յաղթող թագաւորի մը դէմ խիզախեց Վարդանայ հետ եւ քաշութեամբ պատերազմեցաւք Վահանայ հետ Վաղարշ խոնարհեցուց եւ Կ'աւատայ կրօնամոլութիւնը հալածեց. Վարդան երկրորդի հետ Նուշի րուան Խոսրովու լուծը թօթափել հանղգնեցաւ: Բայց բոլոր այս պատերազմաց մէջ նախարարութիւնը մեծաւ մասամբ միաբան էր, վասնզի կրօնքի պաշտպանութեան էր կռիւը, իրեն ցրուեալ զօրութիւնը միացնելու մեծ շարժառիթ մը պէտք էր` կրօնքը, վասնզի նախարարութեան բնութիւնը անիշխանութիւն, անմիաբանութիւն էր: Իսկ անմիաբանութեան մասին` հայերը նոյնչափ անմիաբան եղած են ինչչափ ամէն աղինք, որ զօրաւոր կառավարութիւն չեն ունեցեր երբեք: Իրենք ոչ երբեք ունեցէք են յունաց պէս քսան, հինգ տարի քշող քաղաքական պատերազմ մը Պեղոպոնէսեան պատերազմի պէս, թէպէտ նա խարարութեանց անմիաբանութիւնը հար եւ նման էր այդ Յունաստանի փոքր, փոքր հասարակապետութեանց, միայն այն տարբերութեամբ, որ հոն ժողովուրդն ազատ եւ ամէն բան էր, եւ ուսմունքը բանական մարդը բարձրացուցեր էր, իսկ Հայաստան` ժողովուրդը ոչինչ էր, եւ իր բռնաւորներն ամէն ինչ: Յունաստան ծովէ շրջապատ եալ բնական ամրութեամբ դարձեալ մեծ տէրութեան մը կարգ անցնելու համար պէտք եղաւ, որ Մակեդոնացուոց լուծին տակ անցնի եւ Աղեքսանդրի հետ արշաւի: Առանց զօրաւոր կազմակերպեալ իշխանութեան եւ խիստ օրինաց անկարելի է միաբանութիւն, վասնզի փոքրիկ շահեր մեծ շահերու դէմ կապստամբին, եւ մեծ շահեր զօրութեան պէտք ունին պզտի շահեր եւ անոնց բանսարկութիւնքը ճնշելու համար: Խիստ կառավարութեան ամենեն անպիտանը նախադասելի է անիշխանութեան: Հայ նախարարութիւնն անիշխանութիւն էր արմատացեալ: Եւ որովհետեւ չի կրցաւ կանոնաւոր եալ ազնուապետութիւն մը նաեւ կազմել` ինք ինկաւ գահավէժ եւ ազզն էլ իր հետ տարաւ: Այդ ազնուապետութիւնը` եթէ կարէնար կազմել նախարարութիւնը, ազգին նան երջանկութեան ճամփայ թերեւս բանար. բայց ոեւիցէ՛ բան կազմելու համար` արդարութեան եւ կանոնի մը հնազանդել յանձն առնելու է, այս կամքը հազիւ քանի մը նախարարաց քով կ'երեւի պատմութեան մէջ, վասնզի անիշխանութիւնը կը ներէ միայն սանձարձակ զեղծմունք` ուսկից կամօք եւ մասամբ իսկ զրկուիլը շատ մեծ առաքինութիւն է:

Հայք ընդհանրապէս միաբան եղած են միայն այն վայրկենին, երբ իրենց կրօնքին բռնաբարութիւն հասնէր ոեւէ իշխանութենէ եւ զօրութենէ. ամէն բանի անտարբեր հայը միշտ պատրաստ կը տեսնենք բռնութիւնը բռնութեամբ վանելու, եւ եթէ անկարելի լինի` ամէն հալածանաց տանելու անխախտ կենալով հայրենի դաւանութեանց վրայ: Ամէնուն յայտնի է եւ վերն էլ յիշեցինք թէ ինչպէս հայ քրիստոնէութիւնը անընկճելի մնաց Սասանեանց կռապաշտութեան դէմ. նոյնը կը տեսնենք նաեւ Բիւզանդիայ կայսերաց բռնութեանց եւ ամէն տեսակ պատճառաբանութեանց դէմ. կրօնասիրութիւն էր այս ընդհանուր նկատմամբ. բայց անիշխանութիւնը անմիաբանութիւն կարծողաց կը զրուցենք թէ աւելի հետեւանք էր նա եկեղեցական իշխանութեան կանոնաւորեալ կազմութեան, որ հզօր մարմին էր ձեւացեալ վերուստ ի վայր եւ զօրաւոր կապով շղթայալ: Տգէտ կամ գիտուն այդ եկեղեցական կազմութիւնը բիւզանդական բոլոր աստուածաբանական ուսմանց – նրբութեանց եւ իմաստականութեանց հետ կրցաւ մաքառիլ ու մրցիլ: Մերժեց նորա իրաւացի եւ անիրաւի ուղղափառ կամ չարափառ պահանջմունքները եւ մնաց անթափանցելի ամէն վիճաբանութեանց եւ ամէն հալածանաց դէմ եւ անխախտ պահեց ինչ որ անգամ մը Լուսաւորչէ առած էր:

Կաթողիկոս մը կը հնազանդէր կամ կը խոնարհէր Հերակլ կամ Կոստանդին կայսերաց, բայց եկեղեցական մարմինը եւ ժողովուրդը անշարժ կը մնար հայրենի կրօնական դաւանալթեանց իմանալով կամ չիմանալով: Եւ այդ կաթողիկոսը կամ իւր յաջորդը վերջը-վերջը պէտք էր ընդհանուրին հետեւեր, եթէ չուզէր բաժանակից սատանայի համարուիր

Եթէ թագաւորութիւն կամ նախարարութիւն կարէնային զօրաւոր կառավարութեան մը ձեւ առնուլ եկեղեցական իշխանութեան պէս, այն ժամանակ անիշխանութեան վտանգեն ազատ կը լինէր Հայաստան եւ կրնար ակնածելի լինիլ իր զօրաւոր դրացեաց: Բայց դժբախտաբար երբեք նախարարութիւնը այդ չէր խորհած, եւ որ շատ կարեւոր ու գործադրելի էր այս միջոց ժամանակիս մէջ, արուն պատմութիւնը կը գրենք:

Եւ Թէոդորոս Ռշտունի կը մտածէր, այդ մարդը որ «մորմոքեալ ընդ կորուստ աշխարհին», Յունաց յիմար Սպարապետին ամբարտաւան անհոգութիւնը չէր կրցեր շարժէլ եւ իր յորդորներով ոչ օգուտ այլ նախատինք քաղէր էր: Հիմա որ ականատես էր` ինչ որ արդէն գուշակէր էր, աւերմունք հրայրեացք` կոծ ու լաց կը տեսնէր եւ կը լսէր, եւ ինչ դարման որ կարելի էր, կ'ընէր, եւ այնպէս կը շարունակէր իր ճամփան անցնելով Գողթան, Նախջեւան, Կոգովիտ, ուր դառն հայեցուածք մը ձզեց Վարդանաբերդի վրայ. կ'երթար Տայոց գաւառը թիկնապահաց վքոքրիկ խումբով մը եւ կ'իջնէր ի Թաւուսկերտ աւան, ուր հին ապարանքն էին Տայոց Բագրատունի իշխանաց, եւ ուր կը բնակէր միայնակ նոյն ժամանակներ Համասպրուհի տիկին, մայր Վարազտիրոցի, կին Սմբատ Մարզպանին Հայոց եւ Վրկանաց, որուն քաջութեանց համբաւը հռչակեալ էր բոլոր արեւելք եւ որ այնչափ սիրելի եղած էր Պարսից թագաւորին իւր հաւատարմութեամբ եւ որուն յիշատակը կը պատուէր Թէոդորոս Ռշտունի իւր հայր եւ վարժիչ պատերազմական արհեստից անուանելով: Մանաւանդ որ սերտ բարեկամութեամբ կապուած էր Վարազտիրոց Ասպետի` նորա որդուոյն հետ, որ նոյն ժամանակները Արշիպեղագոսի մէկ կղզին աքսորեալ էր ընտանեօք Հերակլ կայսրէ:




ԳԼՈՒԽ Է


Ժամանակն արդէն ձմեռնային` ցուրտը սաստիկ էր այն տարի Հայաստանի բարձր գաւառներուն մէջ: Եւ այդ Թաւուսկերտի պալատին մէջ, ուր պառաւ Տիկին մը քաշուած կը բնակէր, որ շատ փառք, մեծութիւն, պատիւ տեսած էր իւր էրկանը կենդանութեան եւ որդուոյն առաջի տարիները, եւ որ այն օրերը կը յիշէր, երբ արքայից արքային ընծաներն ու նուիրակները իրարու կը յաջորդէին, յաղթութեանց աւետաբեր սուրհանդակները շարունակ իւր դուռը կը բախէին եւ Պարսկաստան ու Հայաստան

Բազմայաղթ անունը Բագրատունեաց իշխանին կ'ուտային. իսկ հիմա ինք Տիկինը մոռցուած, բարձիթողի եղած, այդ հայոց կանանց առաջինը երբեմն պատուոյ եւ հարստութեան մէջ, կը նստեր տխուր ձմեռուան պէս, եւ կը համրէր օրերը, որ լուր չէր առած իւր սիրական եւ անդրանիկ որդուոյն:

Թէպէտ մահ եւ աքսոր տխրութիւն բերէր էին այդ պալատը, եւ Տիկինը սգաւոր` բայց սպասաւորաց, աղախնայց եւ թիկնապահաց թիւն ու հանդերձանքը գրեթէ չէր նուազեալ: Երկրին կառավարութիւնը թէպէտ Սարգիս` բնիկ Տայեցի իշխանի մը ձեռքն էր, բայց ոչ երբեք առանց Բագրատունի Տիկնոջ խորհուրղին բան մը կը կատարուէր, վասնզի այս Սարգիս այն քաջերեն էր, որ Սմբատ Մարզպանի բախտին եւ դրօշակին հետեւելով` փառաց եւ մեծութեանց տէր եղած էին:

Երբ այսպէս Տիկինը տխուր եւ միայնակ նստած էր, իմացուցին իրեն թէ Սարգիս իշխանը կը խնդրէր զինք տեսնել, եւ թէ հետը երիտասարդ մ՚էլ կար: Եւ Սարգիս մտնելով խորին յարգանօք ողջունելեն վերջ Տիկինը` ներկայացտւց Ներսէս Սպան, որ նոր կը դառնար Յունաստանէ եւ որ նամակ ունէր Վարազտիրոց Ասպետն առ Տիկինն եւ առ Թէոդորոս Ռշտունի:

Բագրատունի Տիկինը առաւ իւր որղուոյն նամակը եւ շտապաւ կ'արդալեն վերջ երկրորդեց եւ երրորդեց իր ընթերցմունքը, վասնզի շատ համառօտ էր եւ դառնալով զօրականին`

– Կը տեսնես, որդեակ, – ըսաւ, – իմ զաւկիս նամակը շատ համառօտ է. քեզմէ պէտք է տեղեկութիւն առնեմ, ինչպէս ինք կը գրէ. ինչպէ՞ս տեսար զինք, լաւ՞ է, առո՞ղջ է, ինչպիսի՞ կղզի է այս աքսորանաց կզզին. միթէ՞ ազատելու յոյս չի կա…

– Առողջութիւնը լաւ վիճակի մէջ է, վասնզի ույդ կղզին շատ գեղեցիկ է` օդն առողջ, նարնջի եւ լիմոնի ծառերով զարդարուած, թէպէտ խիստ պահպանութեամբ կը հսկեն, որ չի փախչի. ընտանիքն էլ բոլորը լաւ են: Իսկ ազատելու յոյս չլինիլ կարելի չէ, ինչպէս յայտնի է, կայսրը իրեն խոստացել է երդմամբ ազատութիւն, բայց պալատին մէջ կան թշնամիք, որ կը ջանան յետաձգել այդ խոստմունքը, ինչպէս ես կրցայ իմանալ:

– Կրնա՞նք իմանալ ինչպիսի անձինք են, որ քեզ այդ տեղեկութիւնք տուին:

– Այո, իշխանուհի, Թէոդոս զօրավար Երիզացի, որ ձեր որդուոյն Ասպետին շատ բարեկամ կ'երէի, նա ինձ հրամայեց գաղտնի երթալ եւ տեսնել եւ լուր բերել իշխանին համար: Կայսրը առջի մարդը չէ բոլորովին փոխուած` քանի որ տարիքը կառնու, կը թուլանայ, Մարտինէ կայսրուհին է, որ կը կառավարէ երկիրը, եւ դժբախտաբար այդ կինը չէ, որ գիտէ լաւ կառավարել, այլ խելքը, միտքը թագաժառանգին տեղ իւր որդին անցնելու լինելով, իւր ձեռնասուններն առաջ կը քշէ, եւ այսպէս ամէն կարգ, կանոն տակնոււյրայ եղած է:

Նոյն միջոցին սպասաւոր մը ներս մտաւ իմացնելու թէ Թէոդորոս Ռշտունին հասաւ. եւ երբ եկաւ զօրավարը` մեծ յարգանօք ողջունեց Տիկինը եւ ներկա անձինքը, ահա հանեց Ներսէս երկու նամակները Ասպետին եւ Երիզացի Թէոդորոսի կողմանէ: Մեծ ուշադրութեամբ կարդաց իշխանր, եւ կարելի չէր իմանալ իր երեսեն նոցայ պարունակութիւնը, մինչեւ Տիկինը չի կարէնալով համբերել, հարցուց.

– Այդ նամակներէն կրնա՞ս մեզի տեղեկութիւն տալ, իշխան, թէ որդիս Ասպետը, ի՞նձ պիտի դառնայ:

– Ո՞ւր էր թէ այդ ձեր փափագը, իշխանուհի, որ իմ նաեւ մեծ փափագս է, կատարուէր, վասնզի Ասպետին Հայաստան դառնալը, աս միջոցին մեզի կեանք կրնայ տալ. դուք հոս Հայաստանի մէկ ծայրը չէք գիտէր թէ ի՛նչ սոսկալի արշաւանք կրեց եւ ի՛նչ վիճակի մէջ է աշխարհքիս արեւելեան կողմը…

Եւ սկսաւ պատմել Նախջեւանի, Գողթան, Կ'ոգովտի գաւառաց անցքերը: Եւ ասոնք ամէնքը յիշելեն վերջ` դառնալով Ներսէսի`

– Ահա ասոնք ամէնքը յունացդ քաջութիւններուն արդիւնքն են, – ըսաւ:

– Խնդրեմ, իշխան, զիս յունաց ստացուածք մ՚ընէր, վասնզի ես իրենց ծառայութեան մէջ մտած լինելովս, իմ հայութիւնս երբեք ուրացեալ չեմ, հոգով, սրտով հայ մնացած եմ եւ պիտի մնամ: ուրիշ բան է` եթէ իրենց երկրին մէջ գտնուելով` իրենց լեզուին եւ գիտութեանց տեղեկութիւն առէր եմ եւ այդ բանին համար կարծեմ թէ գէշ բան մը ըրած չեմ:

– Եթէ այդ գիտութիւնքը քու ազգիդ օգտին ծառայեցնելու միտք ունիս` աստուած քեզ օրհնէ. մենք իրենց ուսմանց թշնամի չենք, բայց շատ ու շատ վարձ տուին մեզ իրենց վատութեան պատերազմի մէջ, եւ իրենց քաջութեան ժամանակ շատ վատ բան ըրին, երբ կրօնական խառնակութեամբք Հայաստանի ամէն տուն խռովեցին:

Եւ այս խօսքերը զրուցելուն Թէոդորոսի աչքերը սոսկալի փայլ մը առին եւ դառնալով Բագրատունի իշխանուհուոյն`

– Այդ Քրիստափորը, որ ամէն հայոց նախարարք միաբանեցան, վար առին կաթողիկոսական աթոռեն, իբրեւ անդուռն բերան, իբրեւ զրպարտիչ, իբրեւ չարալեզու, սուրբ մ՚էր, իսկ մենք յիրաւի արժանի պատիժը կրեցինք եւ կը կրենք այսօր կաթողիկոս մը ունենալով, որ երկիւղին եւ տգիտութեան կը զոհէ մինչեւ իր Լուսաւորիչը: Ասպետը, Տիկին, այս մարդն աթոռը գրաւ, ինք աքսոր գնաց, եւ ես մինակ մնացի ամէն Հայաստանի մէջ` ուր եթէ քանի մը սիրտ ու գութ ունեցող մարդիկ գտնուէին, այս խեղճ հայրենիքը կարելի կը կենդանացնել: Թշուառութիւն ամէն կողմեն կը տեղա, արաբացիք` աստուածային նոր պատուհաս` փոթորկի պէս զարկին` անցան գնացին. յոյնք վատ եւ ամբարտաւան իբրեւ ջախջախ եղէգ խորտակեցան. հիւսիսականաց կատաղութիւնն սանձելու համար հազիւ կը բաւեն Վիրք, Աղուանք եւ Սիւնիք, Արծրունիք եւ Անձեւացիք շփոթած հազիւ կը խոստանան երբեմն արեւելեան կողմը պաշտպանել, Մամիկոնեանք Մուշեղ եւ Համազասպ տարտամ պատասխաններ կ'ուղարկեն իմ հրաւիրանցս, իսկ Մոկացուոց նախարարն Արդուկ յայտնի համարձակ անամօթութեամբ առաջնորդ եղեր է արաբաց: Դուրսեն թշնամիք, աւարառութիւնդ, հուր, սուր, կործանմունք, ներսեն անհոգութիւն, թուլութիւն, հարստահարութիւն եւ մատնութիւն… ո՜ւմ դիմես եւ ուստի՜ յուսաս օգնութիւն: Աստուա՜ծ, կ'ըսեմ ես ինքնիրենս. բայց Քրիստոսի փոխանորդը` Հայոց կաթողիկոսը կը տեսնեմ թէ կայսրեն կը վախէ, իւր ժողովուրդեն կը վախէ. աթոռը թողած` Կարնոյ պարիսպներէն չհամարձակիր ելնելու. իմ հրաւէրներուս իւր ծերութիւնը` հիւանդութիւնը ցոյց տալով կը պատասխանէ: Ահա վիճակը, իսկ դարմանը ուրտե՞ղ… չեմ տեսնէր:





Конец ознакомительного фрагмента. Получить полную версию книги.


Текст предоставлен ООО «ЛитРес».

Прочитайте эту книгу целиком, купив полную легальную версию (https://www.litres.ru/tserents/t-eodoros-rhshtowni/) на ЛитРес.

Безопасно оплатить книгу можно банковской картой Visa, MasterCard, Maestro, со счета мобильного телефона, с платежного терминала, в салоне МТС или Связной, через PayPal, WebMoney, Яндекс.Деньги, QIWI Кошелек, бонусными картами или другим удобным Вам способом.



Если текст книги отсутствует, перейдите по ссылке

Возможные причины отсутствия книги:
1. Книга снята с продаж по просьбе правообладателя
2. Книга ещё не поступила в продажу и пока недоступна для чтения

Навигация